Բողոքի ցոյց Աւստրիո մէջ

Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը իր ֆէյսպուքեան էջի մէջ տարածած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
– Աւստրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը համագործակցելով նոյն երկրի պատկանող այլ հայկական եւ ոչ հայկական կազմակերպութիւններու հետ, կոչ կ՛ուղղէ բոլորին մասնակցելու բողոքի ցոյցին ապրիլ 24-2015ին: Դաշինքը, որ հաստատուած է մեր յանձնախումբի կողմէ, բաղկացած է 35 տարբեր Հայկական, Աւստրիական, Թրքական, Քրտական եւ այլ ժողովրդավար կազմակերպութիւններէ: Ուրախ ենք նաեւ, որ ամեն օր այլ կազմակերպութիւններ իրենց հետաքրքրութիւնը կը յայտնեն աջակցելու ցոյցին՛ եւ դաշինքը դեր պիտի մեծնայ: Մեր նպատակն է Աւստրիական հասարակութեան իմացնել Հայոց Ցեղասպանոթիւնը եւ անոր ճանաչման կարեւորութիւնը: Կը ծրագրուի նաեւ այլ միջոցարումներ որոնց մասին պիտի տեղեկացնենք շուտով:
Հսկայական նշանակութիւն ունի բոլոր գործուն կազմակերպութիւնները ներգրավել եւ միասնաբար պայքարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
Յատկապէս այս կարեւոր տարուայ մէջ պէտք է Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը տարածենլ մեզ հետ կողք կողքի ապրող հասարակութեան հետ: Ժամանակն է որ համայն աշխարհը իմանայ եւ դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը – Եւ այսպիսով նաեւ կանխարգիլուին նոր ցեղասպանութիւններ:
18:30 Karlsplatz / Resselpark
19:15 մէկ ռոպէ լռութիւն
19:16 քայլարշաւ դէպի խորհրդարան