Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան Անարզապա ամրոցին մէջ յայտնաբերուած է աշխարհի մէջ առաջին երկկողմանի ճանապարհը

Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան Անարզապա քաղաքին  եւ ամրոցին մէջ (ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ Անավարզա գիւղն է – խմբ.) կատարուած պեղումներու արդիւնքով յայտնաբերուած է աշխարհի մէջ առաջին երկկողմանի ճանապարհը: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:

Չուքուրովայի համալսարանի դասախօս, հնագէտ Ֆաթիհ Կիւլշէն յայտնած է, որ 34 մեթր լայնութիւն եւ 2700 մեթր երկարութիւն ունեցող երկկողմանի ճանապարհը կը համարուի անտիկ աշխարհի առաջին եւ ամենամեծ պողոտան, որ հոծ գիծ  ունեցած է:

«Ճանապարհը տարբեր քաղաքակրթութիւններու  պատկանած է` Բիւզանդիոյ, Սասանեան պետութեան, Հայկական թագաւորութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան: Իրականացուած աշխատանքներու արդիւնքով յաջողած են բանալ պողոտայի 250 մեթրը: Այս պահուն պեղումները կը շարունակուին», – ըսած է Կիւլշէն:

Նշենք, որ Անարզապան գտնուած է Դաշտային Կիլիկիոյ մէջ, Սիս քաղաքէն մօտ 25  քմ հարաւ-արեւելք` Սաուրան եւ Սիս գետերու միջեւ ինկած հարթավայրին մէջ: Ամրոցը կառուցուած էր մօտ 200 մ բարձրութեամբ ժայռաբլուրի մը վրայ եւ երեք կողմէ անմատչելի էր: Ամրոցի արեւմտեան ստորոտին կը տարածուէր բուն քաղաքը: Քաղաքն ու ամրոցը եղած են Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան կեդրոններէն: 1909 թուականի Ատանայի կոտորածի ժամանակ սպաննուած է նաեւ Անարզապայի հայ բնակչութիւնը: Թուրքերը քաղաքն ու ամրոցը կը ներկայացնեն իբրեւ Անավարզա:

Աղբիւր` Թրքագիտական կեդրոն

Scroll Up