Օքլանտի հայերը յաղթող ճանչցուած են Միջազգաին ուտեստեղէնի փառատօնին
Կիրակի, 29 Մարտին, Նոր Զելանտայի Օքլանտ քաղաքին մէջ, տեղի ունեցած է Միջազգային ուտեստեղէնի փառատօն (Internation Food Festival), որուն մասնակցած են Նոր Զելանտայի մէջ տարբեր համայնքներ, ռուսեր, չինացիներ, քորեացիներ, գերմանացիներ եւ հայեր: Նշենք, որ հայերը մասնակցած են հայկական ճաշատեսակներով: Այս մասին «Հայերն այսօր»ին կը տեղեկացնէ Օքլանտի մէջ մեր աղբիւրը:
Փառատօնին տեղի ունեցած է մրցոյթ, եզրափակիչ փուլին մնացած են հայերն ու գերմանացիները, յաղթող ճանչցուած են հայերը, 2 պարգեւ ստանալով, գեղեցիկ ցուցադրութեան եւ համին համար: