Արցախը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ ՀԲԸՄ-ի հետ համագործակցութեան. Բակօ Սահակեան

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 31-ին ընդունած է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Գանատայի մասնաճիւղի ատենապետ Շահէ Տանաչեանը եւ քարտուղար Յակոբ Արսլանեանը:

ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` հանդիպման, որուն մասնակցած է ԼՂՀ արտգործնախարար Կարէն Միրզոյեան, քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման եւ Արցախ-Սփիւռք կապերու խորացման վերաբերող շարք մը հարցեր: Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ ՀԲԸՄ-ը իր ստեղծումէն ի վեր ընդգծուած դերակատարութիւն ունեցած է համայն հայութեան կեանքի մէջ` աւելցնելով, որ կազմակերպութեան հետ փոխգործակցութեան միշտ ալ յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Արցախի մէջ:

Scroll Up