“Հայոց ցեղասպանութիւն. հետազօտութիւններու հարիւր տարի” Միջազգային Գիտաժողովի Չորրորդ Եւ Վերջին Օրը

Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին Մա­տենա­դարա­նը Մարտ 28ին հիւ­րընկա­լեց գի­տաժո­ղովի չոր­րորդ եւ վեր­ջին օրուան նիստերը: Առա­ւօտեան նիս­տին, որ կը կրէր «Յի­շողու­թիւն, փոխանցում, պատ­մութիւն, ժխտում» խո­րագի­րը, ար­ծարծուեցաւ յետ-եղեռ­նեան շրջա­նը եւ անոր առըն­չուող խռո­վու­թիւննե­րը եւ լա­րումնե­րը, կաշ­կանդուած յի­շողու­թեան, հակասա­կան ինքնու­թեան եւ լռու­թեան ժա­ռան­գութեան թե­մանե­րով:

Ունկնդրուեցան թուրք փայ­լուն պատ­մա­բան երեք կի­ներ, որոնց ներ­կա­յու­թիւնը ինքնին ար­դէն լու­ծումի սկիզբ մը կը հան­դի­սանար այս բարդ հար­ցին: Գի­տաժո­ղովի այս հանգրուա­նին, ժա­մանա­կը հա­սած էր ընդ­հա­նուր տե­սու­թեան մը մա­սին մտա­ծելու՝ ցեղաս­պա­նական գա­ղափա­րախօ­սու­թեան շուրջ, այլ խօս­քով՝ հասկնա­լու այն ինչ, որ կը կազ­մէ այս տե­սակ ոճիր­նե­րու կո­րիզը:

«Յատ­կա­նիշ­ներ եւ բաղ­դա­տակա­նու­թիւն» խորագրին տակ, գիտ­նա­կան­նե­րը եր­կու նիստ յատ­կա­ցու­ցին հար­ցին, զու­գա­հեռ­ներ կա­տարե­լով այսպի­սի եզա­կի, բարդ ցեղասպանութեան մը եւ ընդհան­րա­պէս՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րու յատ­կա­նիշ­նե­րուն միջեւ: Այնպէս կը թուի, թէ նշմա­րուած նմա­նու­թիւննե­րուն մէջ ան­հանդուրժե­լի արարքնե­րը-ինչպէս երախանե­րու զան­գուածա­յին սպա­նու­թիւննե­րը կը բխին անոնց հեղինակ­նե­րուն՝ իրենց պատ­կա­նած խմբա­ւորու­մին գո­յատե­ւու­մը ապա­հովե­լու նպատակէն, բնաջնջե­լով այն, զոր կը նկա­տեն ար­մա­տակա­նապէս տար­բեր, հե­տեւա­բար՝ թշնա­մի:

Այսպէս, Հա­յոց, Հրեանե­րուն եւ Թութսի­ներու պա­րագա­ներուն, գիտ­նա­կան­նե­րը հաս­տա­տեցին ցե­ղաս­պա­նական գոր­ծընթա­ցին ան­փո­փոխ երեք փու­լե­րը.

– նա­խապատ­րաստու­թիւնը,

– գոր­ծադ­րու­մը

-յետ-ոճ­րա­յին շրջա­նի ան­վերջու­թիւնը:

Որ­պէս 63 զե­կու­ցումնե­րու հա­մադ­րութիւն, Ռե­մոն Գէոր­գեան գի­տաժո­ղովը փա­կեց, ժպիտը դէմ­քին յոյս յայտնե­լով, որ այս երեք օրե­րը գո­նէ մա­սամբ գո­հացու­ցած ըլ­լան Պարոն Էր­տո­ղանի ակնկա­լու­թիւննե­րը, երբ ան կ՚առա­ջար­կէր քա­ղաքա­կան ամէն ազդեցու­թե­նէ զերծ, ան­կա­խօրէն աշ­խատող պատ­մա­բան­նե­րու յանձնա­ժողո­վի մը ստեղծումը:

Իվ Թեր­նոն, որ­պէս գի­տաժո­ղովին նա­խագա­հը վեր­ջին ան­գամ խօսք առնելով ար­տա­սանեց տաղ մը, զոր ձօ­նեց բո­լոր անոնց, որոնք ատեն մը ողջ էին:

Այս մասին յայտնած է Նոր Յառաջ

Scroll Up