Պէտք է ԼՂ Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորումը Առաջնահերթութիւն Դարձնենք. Ուորլիք

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը այսօր Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին պիտի զեկուցէ ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վերսկսուած բռնութիւններու եւ միջնորդական ջանքերու մասին: Այս մասին Twitter-ի իր էջին գրած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահը:
«Այսօր Վիեննայի մէջ եմ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին վերսկսած բռնութեան եւ միջնորդական ջանքերու մասին զեկուցելու համար: Մենք պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը առաջնահերթութիւն դարձնենք»,- գրած է ան: