Վատիկանի մէջ ապրիլեան պատարագին ներկայ պիտի ըլլան Գարեգին II-ը, Արամ Ա-ն ու Ներսէս Պետրոս XIX-ը

Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ եկեղեցական պատարագին ներկայ պիտի ըլլան հայկական քրիստոնէական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները: Այս մասին կը գրէ իտալական La Stampa-ն:

Ըստ NEWS.am-ի` պատարագին պիտի մասնակցին Ամենայն Հայոց Գարեգին II կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ I կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ հայ կաթոլիկ պատրիարք Ներսէս Պետրոս XIX-ը:

Եկեղեցական յիշատակի ձեռնարկներու գագաթնակէտը պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու Սրբադաման արարողութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 23-ին, Էջմիածինի մէջ: Պատարագը պիտի մատուցէ Գարեգին 2-րդ կաթողիկոսը, իսկ իրենց ներկայութիւնը արդէն հաստատած են 38 քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նոյն օրը, ժամը 19:15-ին` 1915 թուականի խորհրդանիշը, ամբողջ աշխարհի, ինչպէս նաեւ ` Թուրքիոյ Հայ Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ զանգերը պիտի հնչեն 100 անգամ:

Scroll Up