Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի սրահներէն մէկը պիտի կոչեն Հենրի Մորկենթաուի անունով

Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի սրահներէն մէկը պիտի կոչուի Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկենթաուի անունով:

Ըստ armeniangenocide100.org-ի` այդ մասին, Նովոստի-Արմէնիա գործակալութեան հաղորդմամբ, տեղեկացուցած է թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:

«Պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մորկենթաուի ծննդեան օրը` Ապրիլ 26-ին: Արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին Երեւան ժամանած անոր բարեկամները», – ըսած է Դեմոյեան:

Հենրի Մորկենթաուն 1913-1916թթ. Օսմանեան կայսրութեան մէջ ԱՄՆ դեսպանն էր: Ան կը դատապարտէր ինչպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը, այնպէս ալ յոյներու եւ ասորիներու ցեղային զտումներն ու հետապնդումները: Ունենալով ապացոյցներու եւ փաստերու բաւարար պաշարներ` Մորկենթաուն տեղեկացուցած է ԱՄՆ-ին Օսմանեան կառավարութեան գործունէութեան մասին եւ միջամտութիւն պահանջած: Սակայն ամերիկեան կառավարութիւնը, չցանկալով միջամտել, չէզոք դիրքեր  գրաւած է եւ չէ մեկնաբանած թուրքերու վայրագութիւնները:

Մորկենթաուն հանդիպումներ  ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարներուն հետ հայերու վիճակը մեղմացնելու նպատակով, սակայն օսմանցիները անտեսած են անոր բողոքը: Այդ ժամանակ դեսպանն ու  քանի մը այլ ամերիկացիներ որոշած են ստեղծել հանրային հիմնադրամ, որ կ’օգնէր Օսմանեան կայսրութեան հայերուն, ստեղծած  են նաեւ «Հայերու հանդէպ իրականացուցած յանցագործութիւններուն դէմ յանձնաժողով», որ յետագային վերանուանուած է Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան կոմիտէ:

Մորկենթաուի գործունէութիւնը ձեռնտու չէր թրքական կառավարութեան, որուն հետեւանքով 1916-թ.  պաշտօնանկ ըրած են:

Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ Մորկենթաուի եւ Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարներու զրոյցները տպագրուած են 1918 թուականին «Մորկենթաու դեսպանի պատմութիւնը» յուշերուն մէջ:

Scroll Up