Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ցուցատախտակներ Ֆրեզնոյի Ազատուղիներուն Վրայ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/Ֆրեզնո.jpg)
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Ֆրեզնոյի միացեալ յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, սկսած են Ցեղասպանութեան նուիրուած հսկայ ցուցատախտակներ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Սան Ուաքին հովիտի եւ ծովեզերեայ շրջաններու գլխաւոր ազատուղիներուն վրայ զետեղելու աշխատանքները։
Աւելի քան 50 ցուցատախտակներ կը զետեղուին, գլխաւորաբար՝ Ֆրեզնօ եւ Մըրսետ քաղաքներէն անցնող ազատուղիներուն վրայ, ներառեալ՝ թիւ 99 ազատուղիին վրայ, որ դէպի այդ շրջանը տանող ինքնաշարժներու գլխաւոր ճամբան է։ Անոնք պիտի զետեղուին նաեւ թիւ 101, 152 եւ 198 ազատուղիներուն վրայ։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի գլխաւոր խորհրդանիշին կողքին, ցուցատախտակներուն վրայ կան ոգեկոչման Ֆրեզնոյի միացեալ յանձնախումբի խորհրդանիշը, որ կը ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ կառուցուղ Ցեղասպանութեան յուշարձանին վրայ։
Նշենք, որ Ցեղասպանութեան յուշարձանի բացումը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 23ի երեկոյեան։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Ֆրեզնոյի միացեալ յանձնախումբի նախաձեռնութեանց մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար, այցելել www.agcfresno.org կայքը կամ www.facebook.com/agcfresno կայքէջը։
Այս մասին յայտնած է Ասպարեզ: