Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանը Կը Նշէ Հիմնադրութեան 45-ամեակը

Պանծալի երեկոյ, հիասքանչ մթնոլորտ, հրաշալի ներկայութիւն, խանդաղատանք մայրենիին, վայելք հայ մարդուն եւ անշուշտ՝ ակնկալուած անակնկալներ…
Այսպէս կարելի է բնութագրել հայրենիքի բոյրն ու համը յիշեցնող կրթօճախին, հայ հոգիի դարբնոցին, միտքի կաճառին, հայատրոփ սիրտերու խրոխտ փաղանգի օրրանին՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի քառասունհինգ յաղթական ամեակի հանդիսաւոր նշումը:
Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015ի երեկոյեան Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահը կը ցնծար ուրախ եւ արդար հպարտութեամբ: Հոն հաւաքուած բազմութիւնը հարազատ ու հաւատաւոր ընտրանին էր՝ քառասունհինգ տարիներ վարժարանի առաքելութեան հաւատացող ու անոր կեանք ներարկող մարդկային տիպարներու ազնուագոյն ներկայացուցիչներուն: Աւագ-կրտսեր, երիտասարդ-տարեց, ուսուցիչ-աշակերտ, ծնողք-առաջնորդ, եկեղեցական-ազգային… բոլորն ալ անխտիր ծանօթ էին երթին ու յաղթանակին, զոր նուաճած է վարժարանը: Այս երեկոյ, սակայն, անոնք ներկայ էին տօնելու, ապրելու, յիշելու, տեսնելու եւ վայելելու այդ ամէնը, որ կը կոչուի Ազգային վարժարան: 45 տարիները հաւանաբար շատ երկար թուին մարդկային երբեմնի միապաղաղ կեանքի մը համար, սակայն ազգային ոգի ներարկող վարժարանի մը համար, անոնք տակաւին հիմնաքարի մը արժէքը ունին: Բարձրագոյն գագաթներ նուաճելու, ազնիւ տեսլականներ ուրուագծող կառոյցի մը համար, անոնք տակաւին լանջը թեւակոխողի հոգեբանութիւնը կ՛առթեն: Արդարեւ, երկարամեայ գործունէութեան փայլուն էջերն անգամ, այսպէս պիտի ծառայեն յուշ ու յենարան, ապագայ դարբնող, անխոնջ աշխատանքի փայլքին հաւատացող այս հաստատուն ամրոցին:
Երեկոյեան 7:30ին ընկերային ջերմ հաւաքով մը սկսաւ հանդիպումը: Այդ միջոցին, ներկաները աճուրդի մասնակցելու առիթ ունեցան: Արուեստի գործեր ու տարբեր զարդեր ցուցադրուած էին աճուրդի սրահին մէջ: Բոլորն ալ գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ։ Ժամ մը ետք, ներկայ հիւրերը անցան սրահ եւ կատարուեցաւ երեկոյի պաշտօնական բացումը:
Օրուան հանդիսավարներն էին վարժարանի շրջանաւարտներէն ու ներկայիս ժրաջան ու կայտառ ուսուցիչներէն Մուշեղ Պետոյեան եւ Սանան Շիրինեան: Անոնք, իրենց աշակերտական փայլուն ընթացքը աւարտելով բարձրագոյն ուսման ոլորտները նուաճելէ ետք՝ հասած են «Փիլիպոս», իրենց սորվածը վերադարձնելու, արժանաւոր կերպով ծառայելու եւ երախտագիտական ապրումներ դրսեւորելու զիրենք պատրաստող կրթօճախին նկտամամբ: Տիրական ու ինքնավստահ ներկայութիւն էին անոնք բեմին վրայ, հաւատքով ու հպարտութեամբ վարեցին իրենց վարժարանի գրեթէ կէսդարեան երթի յաղթական տօնը: Սահուն Ոսկեղնիկ հայերէնով ու անթերի անգլերէնի տիրապետութեամբ գրաւեցին աւելի քան 550 ներկաներու ուշադրութիւնը: Սանան, իր աշակերտական յիշողութիւնները միախառնելով ուսուցչական առաջին տարուան հաճելի փորձառութեան հետ՝ ստեղծեց անքակտելի կապը, որ կը միացնէ բոլոր ժամանակներու «Փիլիպոս»ի շրջանաւարտները իրարու հետ: Ան վեր առաւ դպրոցի առաքելութիւնը՝ Ազգային Զարթօնքէն մինչեւ սփիւռքեան օճախները: Ներկաներուն յիշեցուց Լոս Անճելըսի գաղութին կատարած դերն ու անոր կարեւորութիւնը շեշտեց՝ համազգային առումով, ապա առանձնացուց «Փիլիպոս»ի դերը ազգային խճանկարին մէջ:
Մուշեղը նոյնպէս իր աշակերտական սիրուն յիշատակները ընդգծեց որպէս կամուրջ՝ սերունդները իրար շաղկապող ու ամրացնող: Ան շեշտեց հայեցի կրթութիւն ջամբող «Փիլիպոս»ի առաքելութիւնը մեր ազգային իրականութեան մէջ եւ ապա երախտագիտութեամբ յիշեց տարիներու բազմավաստակ ուսուցչուհի, «Փիլիպոս»էն առյաւէտ բաժնուած ու բոլորին շատ սիրելի դոկտ. Յասմիկ Թաշճեանի խօսքերը. «Արժեւորեցէ՛ք եւ լաւագոյնս օգտագործեցէ՛ք տրուած պահը», եւ աւելցուց. «Հիմա ես նոյն բանը կը փոխանցեմ իմ աշակերտներուս»:
Բացման խօսքէն ետք հանդիսավարները բեմ հրաւիրեցին Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը, որպէսզի աղօթքով օրհնէ ներկաները, սեղանը եւ երեկոն:
Աշակերտական բեղուն առօրեան ներկայացնող տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ: Աշակերտները զանազան պատկերներ, խօսքեր ու խոստումներ արտայայտեցին ու իրենց աշխատանքով վկայեցին: Բաւական գնահատելի էր տարուած աշխատանքը ու բարձրօրէն ողջունելի՝ հնարամիտ գաղափարները:
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին պարահանդէսի յանձնախումբի զոյգ ատենապետները՝ հայերէնով՝ Լուսինէ Յակոբեանը եւ անգլերէնով՝ Հուրի Մելքոնեանը: Անոնք բարձր գնահատեցին ներկաներուն անսակարկ նուիրումը ու հաւատքը, զորս կը տածեն դպրոցին, եւ բարի վայելում ու յաջող երթ մաղթեցին վարժարանին: Կ՛արժէ յիշել, թէ պարահանդէսի յաջողութեան ի նպատակ, յանձնախումբի անդամները անխոնջ աշխատանք թափած էին ամիսներէ ի վեր:
Աննախընթաց երեւոյթ էր այս տարուան պարահանդէսը, որ կրցած էր ի մի բերել վարժարանիս բոլոր տնօրէնները, որոնք իրենց վաստակով ու նուիրումով քար մը եւս աւելցուցած են՝ ամրոցի պատերը զօրացնելով ու յաւերժի ճանապարհը անմահացնելով:
Պարահանդէսի յանձնախումբը յատուկ տեսաերիզ մը պատրաստած էր՝ վարժարանի հինգ նախկին եւ ներկայի վեցերորդ տնօրէններուն խօսքերը համադրելով, եւ ստեղծուած էր պատմական արժէք ներկայացնող յիշատակելի ժապաւէն մը: «Փիլիպոս»ի առաջին հիմնադիր տնօրէնուհին եղած է Լիլի Մրիկեանը (1973-1974), ապա՝ Յակոբ Յակոբեանը (1974-1985): Երրորդ տնօրէնն էր դոկտ. Օննիկ Քէշիշեան (1985-1993), չորրորդը՝ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան (1993-2009), հինգերորդը՝ Նազօ Աբանեան (2009-2011), իսկ վեցերորդ տնօրէնուհին է դոկտ. Ալինէ Դուրեան, որ կը ղեկավարէ դպրոցը 2011 թուականէն ի վեր: Բոլոր տնօրէնները ներկայ էին պարահանդէսին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը մեծ ուրախութեամբ, իր սրտի խօսքով, ազգային ոգիով ու ապագայի հանդէպ փայլուն տեսլականով հանդէս եկաւ տեսաերիզին մէջ: Աւարտին հանդիսավարները հրաւիրեցին բոլոր տնօրէնները՝ ստանձնելու իրենց համար պատրաստուած փոքրիկ յուշանուէրները, առ ի գնահատանք իրենց ծառայութեան եւ «Փիլիպոս»ի երթին համար իրենց թափած ջանքին ու քաջութեան: Յուշատախտակները տնօրէններուն յանձնուեցան 12րդ կարգի աշակերտներուն կողմէ: Իւրայատուկ է իւրաքանչիւր տնօրէնի իրագործած նուաճումը, ուր կը նկատուի կրթական մշակի սուրբ գործի շարունակական օղակը, արդարեւ՝ Հայ ազգային վարժարանի կանգուն ու ամուր երթը:
Կարճ դադար մը առիթ տուաւ հոծ բազմութեան զիրար շնորհաւորելու եւ հին ու նոր յիշատակներու անհատնում խուրջինը փորփրելու: Հայկական մեղմիկ մեղեդիները պահ մը կը մոռցնէին բոլորիս հայրենի հողէն հազարաւոր մղոնները հեռու ըլլալու անբաղձալի իրողութիւնը:
«Փիլիպոս»ի պատմական երթին նպաստող ու նուիրեալ աշխատանքով ճանապարհը հարթող հինգ ազգային նուիրեալներ ու բարերարներ արժանացան «Փիլիպոս»ը յատկանշող հինգ կռուաններու կոչումին: Փիլիպոսեան աւանդը յատկաշուած է հինգ ամուր կռուաններով՝ գերազանցութիւն, ուղղամտութիւն, ազգային ժառանգութիւն, համայնք եւ միութիւն: Այս կռուաններով վարժարանը կ՛առաջնորդէ ու կը դաստիարակէ իր սերունդները: Նուիրեալ անձնաւորութիւնները հաւատացած են հայ դպրոցի առաքելութեան եւ 45ամեայ «Փիլիպոս»ի սիւները միշտ ամուր պահած են, շնորհիւ իրենց պայծառ տեսլականին, ամուր կամքին ու անսակարկ նուիրումին: Ծառայութիւն, որ յագեցած է միայն ծառայութեամբ, որ հպարտացած է միայն ազգային արժանապատուութեամբ եւ մարմնաւորուած է մարդկային ազնուագոյն վեհանձնութեամբ: Նուիրեալ անձինք, որոնք մնացած են համեստ, սակայն իրենց գործը եղած է վսեմ ու մեծ: Այս իմաստով, ծառայութեան եւ նուիրումի ցուցակին վրայ «Գերազանցութեան կռուան» հանդիսացաւ Յակոբ Տագէսեանը: Ան վարժարանի հիմնադիրներէն մէկն է, որ տարինէր շարունակ եղած է վարժարանի խնամակալ մարմինի անդամներէն ու անդուլ աշխատողներէն մէկը:
«Ուղղամտութեան կռ-ուան»ը հանդիսացաւ Զարեհ Մագասճեանը: Ան կրկին հիմնադիր անդամներէն ու նուիրատուներէն մէկն էր, որ ունէր այն ազնիւ տեսլականը, թէ իր նուիրաբերած հողին վրայ պիտի քալէ ապագայ սերունդը հայ ժողովուրդին:
«Ազգային ժառանգութեան կռուան»ը հանդիսացաւ Նարեկ Ա. քահանայ Շիրիքեանը: Տէր Նարեկ առաջին քահանահայրն էր, որ քայլ առ քայլ հետեւեցաւ նորահաս սերունդի քայլերուն՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանէն ներս: Անոր դաստիարակիչ պատգամները, ազգային կրօնական եւ բարոյախօսական արտայայտութիւնները դրոշմուեցան նոր սերունդի միտքին ու հոգիին մէջ, ու անոնք հաւատքով կառչեցան ազգային կրթօճախին: Այս տարի կը նշուի տէր Նարեկի քահանայական օծման 60ամեակը:
«Համայնք կռուան»ը արժանաւոր կերպով յանձնուեցաւ Վահէ Կարապետեանին: Ան եղած է վարժարանի վերելքին, բարգաւաճման ու յատկապէս «Աբգարեան» շէնքի առաջին նուիրատուն, որուն ջանքերը ոչ միայն կ՛երկարին «Փիլիպոս»ի սահմաններէն ներս, այլ՝ ամբողջ հայ գաղութէն, ինչպէս նաեւ Մայր Հայաստանէն ու Արցախէն ներս:
«Միութիւն կռուան»ը յանձնուեցաւ Հարմիկ Յակոբեանին: Ան ոչ միայն խորունկ հաւատքով լեցուն ու տեսլականի տէր անձնաւորութիւն մըն է, այլ՝ մինչեւ վերջ լուրջ հետապնդող ու նպատակը իր կիզակէտին մէջ պատկերացնող, կոչումին արժանի, բոլորին երազները ի մի բերող իսկական հայ մարդ: Շաբաթօրեայ վարժարանի գաղափարը իրականացնող եւ ապա միօրեայ վարժարանի վերածող զօրաւոր կամք ու հետեւողական ուժն է ան:
Այս կռուանները յանձնուեցան մեր նուիրեալներուն, վարժարանիս աշակերտութեան ներկայացուցիչներու կողմէ: Ապա բեմ հրաւիրուեցան Պատուոյ կռուանները, իսկ առաջնորդ սրբազան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, տնօրէնուհիին հետ միասին, նուիրեալները պատուեց համապատասխան յուշատախտակներով:
Իսկական հերոսի եւ ազնիւ առաջնորդի տիպար ներկայացուց վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Ալինէ Դուրեանը, որ համակ ուժի, կորովի, աշխատանքի ու համեստութեան կերպար մըն է: Ան ազգային, մարդկային եւ կրթական վսեմ գաղափարներով կ՛առաջնորդէ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը: Արդար գործի ու յարատեւ պայքարի հաւատացեալ զինուոր մըն է ան, որուն առօրեան լեցուն է դրական գործերով, վսեմ գաղափարներով ու խթանելու բարձր գիտակցութեամբ:
Դոկտ. Դուրեան հետեւեալ բառերով բնութագրեց ազգային վարժարանը. «Միտքը՝ գաղափարը, նման է գարնանային նորաբողբոջ մի ծառի: Լեզուն՝ խօսքը, դրա պտղածաղիկներն են, իսկ գործը՝ դրա պտուղը»: Ան շարունակեց՝ ըսելով. «Մենք, մեր դպրոցով, մեր ուսանողներով նոր ապագան ենք կերտում, նոր երկինքներ ենք լուսաւորում: Երիտասարդ ոգիներ բոցավառելու համար պէտք է նուիրում, հաւատք, ազնուութիւն, մարդկայնութիւն, հարուստ մշակոյթ, մեծ ու պատուաբեր անցեալ եւ յարգանք միմեանց նկատմամբ»:
Տնօրէնուհին եզրափակելով հաստատեց, թէ մեր աշակերտութիւնը պիտի առաջնորդէ ապագայ մեր սերունդը, պիտի ղեկավարէ մեր հաստատութիւնները, մեր ժողովուրդը ու ազգը դէպի նորանոր բարձունքներ: Իր խօսքի աւարտին, դոկտ. Դուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, տնօրէններուն, ծառայող նուիրեալներուն, կազմակերպիչներուն, վարժարանի Ուսումնական խորհուրդին, պարհանդէսի յանձնախումբին, պաշտօնէութեան, ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք այդ հրաշալի երեկոն իրականութիւն դարձուցին:
Առաջնորդ Մարիրոսեան իր խորին յարգանքն ու գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես այս բացառիկ երեկոյին, ուր կը փառաբանուէր հայ դպրոցը ու հայ մարդը: Սրբազանը կարեւոր համարեց դպրոցի առաքելութիւնը, եւ իր հերթին, հայ եկեղեցւոյ մշտական զօրակցութիւնը յայտնեց հայ դպրոցին: Ան տարիներու մաքառումի ու պայքարի երկար երթը տօնելու իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ յաջողութեան ու յարատեւութեան պատգամներ փոխանցեց կրթական մշակներուն եւ հայ ծնողներուն: Ապա յիշեց, թէ ծանր ու դժուար առաքելութիւն մըն է, որ միայն վսեմ տեսլականի մը ներքոյ կրնայ թեթեւնալ ու մեղմանալ: Առաջնորդը եզրափակեց իր խօսքը՝ շնորհաւորելով բոլոր անոնք, որոնք յաջողութեան հասցուցին այս գեղեցիկ երեկոն:
Մոմավառութեամբ, սեղաններու նուիրատուները սեղաններուն վրայ զետեղուած կանթեղները պաշտօնապէս վառեցին, որպէսզի «Փիլիպոս»ի կրթական երթը միշտ լուսաւորուի ու երբեք չխարխափի խաւարի ու մութի անհաստատ ոլորտներուն մէջ:
Երեկոն կը խանդավառէին հաճելի երաժիշտներ, իրենց կենդանի երաժշտութեամբ, գեղեցիկ ձայներով ու հմայիչ մեղեդիներով:
Ինչպէս երեխայի մը ծնունդը ծնողքին համար անմոռանալի ու հպարտանալի երեւոյթ է, այնպէս ալ Հայ ազգային վարժարանի մը ծնունդն ու բարգաւաճումը սփիւռքահայ մարդուն համար հրաշալի ու աննախընթաց երեւոյթ է:
Տարեդարձդ շնորհաւոր, սիրելի՛ «Փիլիպոս». քառասունհինգ տարեկան տոկուն ու դիմացկուն հայ էութեան արարիչ…

Այս մասին յայտնած է Ասպարեզ:

 

Scroll Up