Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան` Վառնայի Ճատրակի Միջազգային Մրցաշարի Միայնակ Յաղթող
Պրազիլահայ գրոսմայստեր Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան յաղթանակ տարած է Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջաւարտած ճատրակի միջազգային մրցաշարին: Ան 9 հնարաւորէն վաստակած Է 7,5 միաւոր եւ գրաւած առաջին տեղը: Այսմասին «Արմէնփրէս»-ին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Շախմատի ֆետերասիայէն:Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան ամբողջմրցաշարի ընթացքին յառաջատարներու շարքին էր, իսկ մրցաշարի կէսէն ամրապնդած Էր առաջին տեղը` այլեւս այնչզիջելով մրցակիցներուն: Վառնայի մրցաշարին մասնակցեցան 89 շախմատիստներ: Սան Փաուլու բնակող Գրիգոր-ՍեւակՄխիթարեան գրոսմայստերներ Ռաֆայէլ Լեյթաոյի եւ Ալեքսանտր Ֆիերի հետ միասին կը համարուի Պրազիլիոյյառաջատար շախմատիստներէն մէկը: Ան մէկ անգամ չէ, որ անդամագրուած Է Պրազիլիոյ շախմատի հաւաքականին: