Ծաղկազարդը Քուէյթի Մէջ

Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին՝ ինչպէս միշտ, այսօր ալ շատ նեղ եւ փոքր երեւցաւ համայնքի անդամներուն, որոնք հանդերձ ընտանիքով, փոքրիկներու գեղեցիկ պաճուճեալ հագուստներով, աճապարած էին հասնիլ եկեղեցի, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մէջ տեղ ապահովելու համար:

Ներկայ էին Հ.Հ. լիազօր եւ արտակարգ դեսպան՝ Պրն. Ֆատէյ Չարչօղլեանն ու Հիւպատոս Պրն. Լեւոն Պետրոսեանը, ազգային մարմիններու եւ միութիւններու բոլոր կազմերը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն: Ներկաները կրկնակի ուրախութեան պատճառ ունէին. անոնք եկած էին մասնակցելու օրուան տօնի խորհուրդին՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոս յաղթական Երուսաղէմ մուտքին, որ Մեծ Պահքի շրջանի աւարտին առիթը իու տար հաւատացեալներուն, հանդիսաւոր սուրբ պատարագի մասնակցութեան. նաեւ ունկնդրելու, քանի մը օրեր առաջ Երեսփոխանական Ժողովի որոշումով եւ Վեհափառ Հայրապետի վաւերացումով, սիրելի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի առաջնորդական անդրանիկ պատգամը:

Գերապատիւ Հայր սուրբը պատարագեց եւ օրուան խորհուրդը փոխանցելէ ետք, անդրադարձաւ իր առաջնորդական պաշտօնին ու ըսաւ. « .. Շնորհակալ եմ, որ այս պաշտօնին արժանի կը տեսնէք զիս: Իրականութեան մէջ, մենք Անթիլիասի մեր ուսանողութեան շրջանէն եւ յատկապէս 18 տարիներ առաջ երբ մաս կազմեցի Անթիլիասի նուիրեալ կուսակրօն միաբանական շարքերուն, անխոնջ ծառայութիւնը մեր նշանաբանը ունէինք:

Այսօր սիրելի հարազատներ, որպէս առաջնորդի, անգամ մը եւս, նոյն ծառայութեան ճամբով կը նորոգուի իմ ուխտս, կատարելու իմ լաւագոյնս հանդէպ եկեղեցւոյ եւ համայնքի զաւակներուն: Այո, մենք մեր առջեւ ունինք մարտահրաւէրներ, սակայն մեր ծառայութեան, միակամ ու հաւաքական աշխատանքին ու յատկապէս մեր հաւատքին դիմաց, անոնք նուաճելի կը դառնան .. »:

Առաջնորդ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ նաեւ 100 ամեակի առիթով տարուած եւ կատարուելիք ձեռնարկներու կարեւորութեան. նոյնպէս անդրադարձաւ Սուրիոյ մեր հարազատներու ճգնաժամային տագնապին, ապա իր թելադրանքն էր, որ հաւատացեալներու բազմութիւնը, նոյն հաւատքով ու եռանդով, մասնակից դառնան եկեղեցական արարողութիւններուն եւ ազգային բոլոր ձեռնարկներուն:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Հայր սուրբը գլխաւորեց Ծաղկազարդի թափորը, որուն՝ Դպրաց Դասի կողքին, մաս կազմեցին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները, ներկայ փոքրիկներն ու անոնց ծնողները եւ վերջապէս բոլոր հաւատացեալները:

Թափորը բարձրացաւ եկեղեցւոյ Արարատ սրահը, ուր «Կիլիկիա» եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգները հնչելէ ետք, խումբ-խումբ ազգային մարմինները եւ բոլոր հաւատացեալները աջահամբոյրով շնորհաւորեցին Գերպ. Հայր սուրբի առաջնորդական պաշտօնը:

Անկէ ետք տարիներու սովորութեան համաձայն, եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի յատուկ ճաշկերոյթ, որուն մասնակցած էին դարձեալ մեծ թիւով ազգայիններու մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հ.Հ. Դեսպանը: Ճաշկերոյթը հաճելի մթնոլորտով, նուէրներով ու խաղերով շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ:

Իսկապէս հաճելի ու յիշատակելի օր մըն էր:

Քուէյթի Ազգային առաջնորդարան

Scroll Up