Ամերիկեան առեւտրի կեդրոնին դէմ դատական հայց ներկայացուած է ցեղասպանութեան թեմայով շապիկներու վաճառքի արգելքի առնչութեամբ

Pentagon Records ձայնագրման պիտակի ղեկավարները դիմում բողոք  ներկայացուցած են Լոս Անճելըսի Գերագոյն դատարան` պնդելով, որ Americana առեւտրի կեդրոնի ղեկավարութիւնը խտրականութիւն  դրսեւորած է իրենց նկատմամբ, ըստ rmeniangenocide100.org-ի` կը փոխանցէ Glendale News-Press-ը:

Pentagon Records-ը սկսած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկող շապիկներ վաճառել առեւտրի կեդրոնին մէջ, սակայն վերջինիս ղեկավարութիւնը պահանջած էր այլեւս չցուցադրել շապիկները: Ամերիկանայի Facebook էջին վրայ հաղորդակցութիւն  տարածուած էր, ուր անոնք ներողութիւն կը խնդրէին վաճառողէն եւ կ’ըսէին, որ ան կրկին կրնայ ցուցադրել շապիկները:

Այնուամենայնիւ, Pentagon Records-ի տնօրէն Թինա Չուլջեան ըսած է, որ անձնապէս առեւտրի կեդրոնի ղեկավարութենէն  ներողութիւն կը սպասէ: Իսկ մինչ այդ, 1915-ի ցեղասպանութեան թեմայով շապիկները չի ցուցադրեր: «Մենք կ’ուզենք վստահ ըլլալ, որ Americana-ն հասկցած է իր սխալը», ըսած է Չուլջեան: Pentagon Records-ը նաեւ վնասի փոխհատուցում կը պահանջէ, բայց, ինչպէս ըսած է ձայնգարման պիտակի փաստաբան Ռիչարդ Ֆոսթեր, «Կազմակերպութիւնը ամբողջ հասոյթը պիտի օգտագործէ` նպաստելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ատոր մասին իրազեկուածութեան բարձրացման»:

Scroll Up