Արժանթինի հայ երիտասարդները բացայայտած են Թուրքիոյ սուտը

Հարաւային Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան անդամները այցելած են Միջազգային յարաբերութիւններու արժանթինական խորհուրդ, որպէսզի թռուցիկներ բաժնեն 2015 թուականի Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան թեմայով Արժանթինի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թաներ Կարակաշի ելոյթին ժամանակ: Այս մասին կը գրէ «Asbarez»-ը:

«Թուրք-ատրպէյճանական լոպին կը շարունակէ կեղծիք տարածել եւ գրաւել գիտնականները, քաղաքական գործիչներն ու լրագրողները: Մենք կրկին որոշեցինք դիմակայել թրքական պետութեան ժխտման` տեղեկութիւններ տրամադրելով Թուրքիոյ իրական արտաքին քաղաքականութեան մասին»,- յայտարարած են կազմակերպիչները:

Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը դատապարտած է այն, որ 2014 թուականին Թուրքիոյ մէջ 2500 մարդ  տուժած է ոստիկանութեան կողմէ բռնութեան եւ հետապնդումներու, ինչպէս նաեւ այլ խախտումներու արդիւնքով:

Բացի այդ, կազմակերպութիւնը նշած է, որ «Թրքական կառավարութիւնը փակ կը պահէ Հայաստանի սահմանը, որպէսզի Հայաստանին ֆինանսական առումով վատ իրավիճակի մէջ դնէ, քանի դեռ երկիրը չի դադրիր Հայոց ցեղասպանութեան հարցով արդարութիւն պահանջելու եւ պայքարելու Արցախի ինքնորոշման համար»:

Scroll Up