Ցեղասպանութեան Զոհերու Ժառանգորդներուն Բացած Դատի Փաստաթուղթերը Կը Յանձնուին «Շօա» Հիմնարկին
Հինգշաբթի, Մարտ 25ին, կ.ե. ժամը 12-1 կայանալիք արարողութեան մը ընթացքին, իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեան Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Շօա» հիմնարկին պիտի յանձնէ «Նիւ Եորք Լայֆ» ապահովագրական ընկերութեան դէմ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն անունով 1999ին բացուած վնասուց հատուցման դատի հազարաւոր փաստաթուղթերը, ծավալով՝ 40 տուփ։ Այս մասին կը գըրէ Asbarez:
Աւելի քան 2000 ապահովագրական համաձայնութեանց համար նշեալ դատը բացուած էր Լա Քընիատայէն Մարթին Մարութեանի անունով, որուն քեռին՝ Սեդրակ Շէյթանեան, 1910ին «Նիւ Եորք Լայֆ»էն ապահովագրութիւն գնած էր, բայց Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած էր՝ իր ընտանիքէն 9 այլ անդամներու հետ։
Յանձնումին ներկայ պիտի ըլլայ Մարութեանի դուստրը եւ թոռնիկը։