Մեքսիքոյի մէջ միացեալ ոգեկոչում Հայոց ցեղասպանութեան՝մասնակցութեամբ Մեքսիքահայ եւ Ամերիկահայ Համայնքներու

Գոհունակութեամբ կը հաղորդենք Թեմիս համայն հաւատացեալներուն, թէ 2014 թուի Նոյեմբեր 21-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակով, Մեքսիքոյի Թեմը պաշտօնապէս մաս կազմեց Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր եւ վարչական իշխանութեան:

Թեմակալ Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան վերոյիշեալ թուականէն ետք երկու անգամ հովուական այցելութիւն շնորհեց Մեքսիքօ Սիթի, ուր պաշտօնավարող Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան` Մեծայարգ Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեանի եւ Հայ Համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում ունեցաւ եւ ձեռնարկեց կազմակերպչական աշխատանքներու` պաշտօնապէս Ծուխ մը հաստատելու եւ համախմբելու հայ համայնքը:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութեան համար, Մարտ  13-ին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Արեւմտեան Թեմի բարերարներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը առաջնորդեց դէպի Մեքսիքօ Սիթի:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Լոս Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդի Անդամ` Մեծայարգ Տիար Փոլ Գրիգորեան իր ընտանիքով, Հալիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ եւ Հարաւային Գալիֆորնիայի Առաջնորդական Փոխանորդ` Արժ. Տ. Մանուկ Աւագ Քհնյ. Մարգարեան, Սանթա Գլարիթա Հովիտի Սուրբ Սարգիս Հայց. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ` Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Հայրապետեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ` Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան եւ Երէցկին Թամար Շահպազեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ` Տիար Անդրանիկ Զօրայեան իր Տիկնոջ Վըրժինիայի հետ, Թեմական Խորհուրդի Անդամ Տիար Տէրիք Ղուկասեան, Բրշ. Տոքթ. Սարգիս Սրկ. Մեսրոպեան, Առաջնորդարանի Վարիչ Տնօրէն` Բրշ. Յարութ Սրկ. Մարգարեան, Առաջնորդարանի բարերարներ Տիկին Ռոզ Քէչոյեան եւ Տիկին Սիպիլ Աբրահամեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Կնքահայրեր Տէր եւ Տիկին Նազարէթ եւ Ալիս Չաքրեան, Տիկին Ալիս Ռէիսեան, Վարդանանց Ասպետներու Սպարապետ` Տիար Սթիվըն Գրաճեան եւ Վարդանանց Ասպետներու Պաշտօնեաներ Տիար Յունան Արշակեան եւ Տիար Կրեկըրի Պապիկեան, ՙՀաւատքի Դեսպաններ՚ու Ատենապետ`Իրաւաբան Տիար Արսէն Դանիէլեան եւ Տիար Արամ Մուսոյեանª Առաջնորդարանի Հեռատեսիլի Բաժանմունքէն:

Մարտ 14-ին հիւրերը մաս կազմեցին Մեքսիքօ Սիթիի Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան` հիւրընկալութեամբ Մեքսիքօ Սիթիի մէջ պաշտօնավարող Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան` Մեծայարգ Տիար  Գրիգոր Յովհաննիսեանի, որ Լոս Անճելըսի մէջ պաշտօնավարած էր որպէս Գլխաւոր Հիւպատոսը Հայաստանի Հանրապետութեան:

Կէսօրէ յետոյ Թեմի պատուիրակութիւնը այցելեց “Museum of Tolerance and Memory”-ին Մեքսիքօ Սիթիի մէջ` առաջնորդութեամբ Տիկին Սոնա Առաքելեանի: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ աշտօնական Ճաշկերոյթը, որու ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերթեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակը:

Հայրապետական Կոնդակի ընթերցում էն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տուաւ պատգամը.-

Մեր ազգի կեանքին մէջ Սփիւռքի իրականութիւնը կը բացատրէ որոշապէս 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու տեղահանումները Օսմանեան կառավարութեան կողմէ: 20-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն մարդկութեան պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ առաջին Ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած Օսմանեան թուրքերու կողմէ, որուն որպէս հետեւանք նահատակուեցան աւելի քան  1,5 միլիոն հայորդիք եւ հարիւրաւոր հազարաւորներ տեղահան եղան իրենց պապենական հողերէն: Բայց տասնեակ-տասնեակ հազարներով որբեր, որոնց կեանքի ճանապարհը եղաւ Գողգոթայի ճանապարհը, տոկացին աներեւակայելի փորձութեանց ու տառապանաց եւ դարձան հիմքը այսօրուան Սփիւռքին ու վերածնեալ Մայր Հայաստանին:

Հեռաւոր այս ափերուն Մեքսիկօ քաղաքին մէջ հաստատուած խումբ մը հայորդիք, ահաւասիկ շուրջ հարիւր տարիներու պատմութեամբ կու գան վկայութիւն տալու աշխարհի մարդկութեան, որ մեր նախնեաց հաւատքը դարձաւ արմատը նոր կեանքին: Մենք պարտականութիւն կը զգանք ձեր նկատմամբ, որպէսզի ձեզի հետ ձեռք-ձեռքի տալով կառուցենք ու կազմակերպենք Մեքսիկոյի հայ համայնքը. որպէս լաւագոյն ընծայում Մեծ Եղեռնի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց յիշատակին: Ի մասնաւորի երախտագէտ սրտի մեր աղօթքները կ’ուզենք ձօնել բոլոր այն հոգիներուն համար, որոնք որպէս փոքր ածուն դարձան առաջինները այս համայնքէն ներս, ու իրենց մէջ պահպանեցին հայութեան ոգին: Ինչքան քաջալերական է, որ գաղութի աճումին հետ միատեղ, Աստուծոյ նախախնամութեամբ ունեցանք նաեւ մեր Դեսպանութիւնը, որպէս առաջին Դեսպան ունենալով Մեծայարգ Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեանը, որուն անձը եղած է սիրելի բոլոր այն համայնքներուն համար, որտեղ ինք ծառայութիւն է բերած, որոնց շարքին առանձնայատուկ կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծել Լոս Անճելըսի մէջ իր ծառայութեան շրջանը, որպէս գլխաւոր Հիւպատոս: Մեծարգոյ Դեսպանի ներկայութիւնը խթանը հանդիսացաւ Մեքսիկոյի աշխուժացման եւ ի մասնաւորի հայ համայնքի կազմակերպութեանը: Մենք այստեղ կը գտնուինք մեր շքախումբով յարգարժան Դեսպանի հրաւէրովը եւ քաջ գիտենք, որ սա պիտի դառնայ պատճառը Մեքսիկոյի հայ համայնքի ծաղկումին:

Մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ աւանդութիւն է, որ Թեմական կամ Ծխական դրոյթը կը հաստատուի Եկեղեցւոյ Պետին` Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակովը:    1898 թուականին Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաները կը ներկայացնէին Առաջնորդական մէկ վիճակ եւ ունէին մէկ Առաջնորդ: Այնուհետեւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաները բաժնուեցան եւ դարձան Առաջնորդական առանձին վիճակներ եւ այսօր Մեքսիքն, Վեհափառի սրբատառ կոնդակով Արեւելեան Թեմէն կը կցուի Արեւմտեան Թեմին: Եկած է պահը կազմակերպուելու որպէս ծխական առանձին վիճակ: Մեր նպատակն է կազմակերպել եկեղեցին ու համայնքը, որպէսզի ամուր պահենք մեր զաւակներու կեանքին մէջ պատկանելիութիւնը եւ հայ ինքնութեան նկարագիրը: Ուրեմն մենք պարտ ենք նախաձեռնել նաեւ համապատասխան քայլերը, որպէսզի յաջորդող ամիսներուն ոտքի կանգնի Մեքսիկոյի հայ համայնքը: Ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդի մը զաւակները այսօր կեանքի այս պայմաններուն մէջ, եւ Մայր Հայրենիքի ու Սբ. Էջմիածնի հովանու ներքոյ չեն կրնար տկարանալ: Բացէք պատմութեան էջերը եւ այնտեղ պիտի տեսնէք թէ ինչպէս Տէր Զօրի անապատներուն մեջ տոկացին մեր նախնիք` Հայրենիքի տեսիլքով եւ նահատակներու մեծ երազովը: Ուրեմն խօսքէն գործի պիտի անցնինք եւ կառուցենք աղօթքի նոր տուն մը, նաեւ հոգեւոր Եկեղեցին ու ապա նիւթական Եկեղեցին:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակով Մեքսիկայի Հայ համայնքները կ’ընդգրուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւմտեան Թեմի կազմին մէջ:

Կիրակի, Մարտ 15-ի կէսօրին Մեքսիքայի հայ համայնքը եւ Գալիֆորնիայէն ժամանած պատուիրակութիւնը մասնակցեցան Մեքսիքայի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին: Պատարագիչն էր Գերաշնորհ Կարտինալ Նորպերթօ Ռիվերա Գարերա՝ Մեքսիքոյի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսը: Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան եւ միջ-եկեղեցական պաշտօնեաներ՝ ինչպէս նաեւ միջ-կրօնական պաշտօնեաներ Հրէական Հաւատքէն:

Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը հեռասփռուեցաւ Մեքսիքայի հեռատեսիլէն: Արարողութեան աւարտին Մեքսիքայի Հայ Համայնքը եւ պատուիրակութիւնը Գալիֆորնիայէն մաս կազմեցին պատմական կեդրոնի Մշակոյթի Թանգարանին մէջ տեղի ունեցած հիւրասիրութեան:

Թեմիս հոգեւորականներու մասնակցութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծումը կատաքարի մը, որ Արեւմտեան Թեմի կողմէ նուիրուեցաւ “National Museum of Civilization”ի: Սոյն Արարողութեան ներկայ էին Տիար Գարլոս Վազգէզ Օլվերա՝ Վարիչը Մեքսքայի Մշակութային Ազգային Թանգարանի, անդամներ Մեքսիքայի հայ Համայնքի, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի պատուիրակութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմական գիրքեր եւս նուիրուեցան Ազգային Թանգարանին: Խաչքարը մնայուն կերպով պիտի մնայ Մեքսիքայի Մշակութային Ազգային Թանգարանին մէջ:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ խաչքարի օծումէն ետք, խօսք առին Մեծայարգ Դեսպան՝ Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան, Լոս Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդի Անդամ՝ Մեծայարգ Տիար Փոլ Գրիգորենա եւ Թանգարանի Վարիչ՝ Տիար Գարլոս Վազգէզ Օլվերա: Ապա Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը, որուն մէջ ըսաւ.-

ՙՀայ Ժողովուրդի մշակոյթը գլխաւորաբար ազդուած է մեր նախահայրերու Քրիստոնէական Հաւատքէն: Մեր հաւատքին ամէնէն կենսունակ արտայայտութիւնը աշխարհին եղած է մեր ճարտարապետական եզական քանդակը Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ բծախնդիր քանդակագործութեան արուեստը իւրաքանչիւր խաչքարի: Խաչքարը մեր նուէրը եղած է աշխարհին եւ անսահման սիրով է, որ մենք կը ձօնենք այս սրբագործուած խաչքարը Մեքսիքոյի ժողովուրդին՚:

Օրուան տօնախմբութիւնները եզրափակուեցան անպաշտօն ընթրիքով:

Պատուիրակութիւնը հոգեկան վերացումով Լոս Անճելըս վերադարձաւ Մարտ 16-ին:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Պըրպէնք, Մարտ 19, 2015

40. T26A564039. T26A565917. T26A601516. T26A606110. T26A61123. T26A63597. T26A6262

Scroll Up