Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ոգեկոչում՝ Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Առջեւ

Եղեռնի հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուած Լոս Անճելըսի համագաղութային ոգեկոչման ձեռնարկը, որ ամէն տարի տեղի կ՛ունենար Եղեռնի ոգեկոչման օրը՝ Ապրիլ 24ին, Մոնթեպելլոյի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, այս տարի տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 25ին, ժամը 12էն սկսեալ: Օրուան փոփոխութիւն կը պատահի, որովհետեւ այս տարի գաղութի ամէնէն մարդաշատ եւ քաղաքական բնոյթի միջոցառումը՝ Հոլիվուտ-Թրքական հիւպատոսարան քայլարշաւը, տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 24ին:
Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ ծրագրուած միջոցառման ընթացքին պիտի գործադրուի ամբողջական ծրագիր մը, որ կը ներառէ քաղաքական պատգամներ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմինը, որ կազմուած է Լոս Անճելըսի հայ գաղութէն ներս գործօն դերակատարութիւն ունեցող աւելի քան 60 միութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ, իբրեւ հիմնական առաքելութիւն՝ պարտականութիւնն ունի կազմակերպելու Եղեռնի ոգեկոչման միջոցառումը: Իսկ, տարուան ընթացքին, կը կազմակերպէ եւ կը հովանաւորէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուող տարբեր ձեռնարկներ, ճանաչման ուղղուած սեմինարներ եւ այլ միջոցառումներ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարին ոգեկոչելու նպատակով, Միացեալ մարմինս նախաձեռնած է նաեւ այլ միջոցառումներու, ինչպիսին են նկարչական ցուցահանդէսներ, արիւնատուութեան արշաւ, ակադեմական սեմինար եւ Եղեռնին վերաբերող նիւթերու ծրարներ, որոնց մասին պիտի անդրադառնանք մեր յաջորդ հաղորդագրութեամբ:
Մոնթեպելլօ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը կը կանգնի «Պիքնել Փարք»ի մէջ՝ 910 Via San Clemente, Montebello, 90640:
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ մարմինը սոյն հաղորդագրութեամբ կոչ կ՛ուղղէ շրջանի բոլոր հայորդիներուն, որ Շաբաթ, Ապրիլ 25ին խուռներամ ներկայ գտնուին ոգեկոչման ձեռնարկին, յարգելու համար յիշատակը մեր 1.5 միլիոն անմեղ նահատակներուն եւ անգամ մը եւս յիշեցնելու աշխարհին, թէ մենք կը շարունակենք պահանջատիրական մեր պայքարը, մինչեւ միջազգային ճանաչում եւ արդար հատուցում։ Միացեալ մարմինը նաեւ կոչ կ՛ընէ բոլորին մասնակցութիւն բերելու գաղութէն ներս կազմակերպուող եւ Եղեռնին նուիրուած բոլոր միջոցառումներուն, յատկապէս՝ Ապրիլ 24ին տեղի ունենալիք Արդարութեան քայլարշաւին:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ

Scroll Up