Անգարայի քաղաքապետը դատի տուած է պոլսահայ լրագրողին իրեն հայ անուանելուն համար

Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Գեօքչէք պոլսահայ անուանի լրագրող Հայկօ Պաղտադի դէմ հայց  ներկայացուցած է դատարան` այն պատճառաբանմամբ, որ Պաղտադ իրեն հայ  անուանած է: Մեղադրող կողմը պոլսահայ լրագրողէն պահանջած  է 10.000 (շուրջ 3.900 տոլար) թրքական լիրա իբրեւ բարոյական վնասի փոխհատուցում, կը գրէ ermenihaber.am-ը :

Աւելի վաղ Հայկօ Պաղտադ Twitter ընկերային ցանցի իր էջին վրայ #melihgփkջekermeniymiş հեշթեգով հետեւեալ գրառումը  կատարած էր. «Մայրաքաղաքը պաշտօնապէս ձգած են հայուն: Ամօթ է ձեզի»:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթի տեղեկացմամբ` Պաղտադի այս արտայայտութիւնը  տեղ գտած է  դատարան ներկայացուած հայցադիմումին մէջ, ուր կը նշուի, որ  անընդունելի է Անգարայի քաղաքապետի հասցէին նմանօրինակ արտայայտութիւն ընել:

«Ժողովուրդի կողմէ սիրուած, յարգուած մարդուն անուանել  բառով մը, որ կը կիրառուի իբրեւ վատ իմաստով, ոչ միայն լրջօրէն կը խախտէ Գեօքչէքի անձնական իրաւունքները, այլեւ կը վիրաւորէ անոր օգտին քուէարկած, անոր աջակցող, սիրող եւ յարգող իւրաքանչիւր մարդու»,- նշուած է հայցադիմումին մէջ:

Հայկօ Պաղտադ արդէն Twitter կայքին մէջ  պատասխանած է Գեօքչէքի` դատարան հայց ներկայացնելու մասին լուրերուն` գրելով. «Մելիհ Գեօքչէք 10.000 լիրայի դատական հայց  բացած է իմ դէմ իրեն հայ անուանելու համար: Շատ կը զուարճանանք»:

Scroll Up