Հայկական ծագումով արաբ խալիֆաներ
Այսօր Մարտ 24-ին, ՀՀ ԳԱԱ արեւելագիտութեան բաժանմունքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն «Հայկական ծագումով արաբ խալիֆաներ» թեմայով, դասախօս` Պրն. Պետրոս Թովմասեան, ան ներկայացուց ընդարձակ ձեւով հայկական ծագումով խալիֆաները, որոնց մայրերը կամ մեծմայրերը հայ եղած են, անոնց դրական դերը Աբբասիներու օրով: Արաբ պատմագէտներու եւ պատմաբաններու վկայութիւններով անոնք իրենց ժամանակի քաջ, իմաստուն խալիֆաներ եղած են, եւ այս պատմաբնները կը շեշտեն շարք մը խալիֆաներու մայրերու հայ ըլլալուն մասին, դասախօսը նշեց, որ այս իրականութիւնը ցոյց կու տայ հայ- արաբ ժողովուրդներու միջեւ եղած սերտ յարաբերութիւնները պատմութեան ընթացքին, եւ հայերու անմիջական ներդրումը արաբական քաղաքակրթութեան մէջ:
Դասախօսութեան ներկայ էին պատմական գիտութիւններու թեկնածու Վահան Տէր Ղեւոնդեան եւ արաւելագիտութեան բաժանմունքի քրիստոնեայ արեւելքի բաժինի վարիչ Ալեքսան Յակոբեան, արաբագիտութեան բաժանմունքէն` պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արամ Գասպարեան, ուսանողներ եւ հիւրեր:
Պետրոս Թովմասեան 2 գիրքի հեղինակ է, «Հայկական Լեռնաշխարհը Եւ Միջագետքը» 2006թ. եւ «Արարատ-Ուրարտու Աստուածաշունչի Ընդմէջէն» 2012թ., իսկ այսօրուան դասախօսութեան թեմայով գիրքը ընթացքի մէջ է: