Սթամպուլի հայկական եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ պատարագ մատուցուած է` ի յիշատակ Կալիպոլիի զոհերուն

Սթամպուլի Եէշիլքօ վարչական շրջանի հայկական եկեղեցւոյ մէջ կիրակի օրը պատարագէն յետոյ Կալիոպոլիի (Չանաքքալէ, Տարտանիլ) մարտերուն ինկած քրիստոնեայ, իսլամ, հրեայ եւ աթէիստ զոհերուն համար աղօթք հնչեցուած է առ Աստուած: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հապեր թուրք» լրատուական կայքը` նշելով, որ պատարագին ներկայ եղած է Պաքըրքօ վարչական շրջանի ղեկավար Պիւլէնթ Քերիմօղլուն, կը գրէ ermenihaber.am-ը: Պատարագը մատուցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Պատարագէն յետոյ Պաքըրքոյի մշակոյթի տան եւ քաղաքային թանգարանին մէջ հայկական համայնքին համար պահքի ընթրիք տրուած է: