.2:0.0″>
.2:0.0.0.0″>Հալէպի բնակելի թաղամասերու մէջ Մարտ 23-ին հրասանդեր իյնկած են:
“Հայերն Այսօր”-ի փոխանցմամբ, արաբական “Ալ Մայատին” գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ ինկած հրասանդերու հետեւանքով նախնական տեղեկութիւններով 12 մարդ զոհուած է եւ վիրաւորուած ` աւելի քան 30-ը:
Սուրիական “Սանա” գործակալութեան տեղեկացմամբ, Հալէպի գիւղական շրջաններու մէջ իրականացուող գործողութիւններու ժամանակ Սուրիական բանակի ջոկատայիններու հետ բախումներու ժամանակ վիրաւորուած եւ զոհուած են մեծ թիւով ահաբեկիչներ, որոնց թիկունքին կանգնած է Էրտողանի վարչակարգը:
Ռազմական աղբիւրները Սանային յայտնած են, որ Բանակը, իրականացուցած գործողութեան ընթացքին, ոչնչացուցած է ահաբեկչական խումբի անդամներ, զինուորական սարքեր, զէնք ու զինամթերք: Դէպքերը կատարուած են Զարպա աւանի մէջ, որ կը գտնուի Հալէպի հարաւային շրջանի մէջ` 20 քմ հեռաւորութեան վրայ: