«Կարպուշեան» Պատկերասրահը Պիտի Ներկայացնէ Հայ Արուեստագէտներու Գործեր

Պեվըրլի Հիլզ գտնուող «Կարպուշեան» պատկերասրահը հանրութիւնը կը հրաւիրէ Յունիս 27-ի իր նոր ցուցահանդէսի բացման, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին երկու տասնեակէ աւելի ժամանակակից արուեստագէտներու աշխատանքներ: Խմբային այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին հայազգի արուեստագէտներ Արա Օշականը՝ իր լուսանկարներով, եւ Սամուէլ Սաղաթելեանը՝ «Բաց նամակ սեւի վրայ» շարքով:

«Իմ այս գործերում հիմնական գիծը յիշողութիւնն է, քանզի ամէն ինչ հիմնուած է յիշողութեան վրայ: Սակայն նկարներում առկայ են մի քանի այլ շերտեր՝ անձնական, քաղաքական երեւոյթներ, որոնք գոյութիւն ունեն մարդկային յարաբերութիւններում, ընտանիքում: Ես ամէնը համատեղել եմ մի տարածքում՝ ժամանակից դուրս»,- իր շարքը ներկայացնելով՝  կ՛ըսէ Սաղաթելեան:

Մինչեւ Օգոստոս 2 շարունակուող արուեստի սոյն հանդէսին ընթացքին պիտի ներկայացուին արուեստի զանազան ճիւղեր՝ նկարներ, քանդակներ, լուսանկարներ: «Կարպուշեան» պատկերասրահը կը հրաւիրէ ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան՝ Յունիս 27-ի երեկոյեան ժամը 7-էն 9: Հասցէն է՝ 427 North Camden Drive, Beverly Hills, CA 90210:

asbarez.com

Scroll Up