Հայ Ժողովուրդը Իր Հաւատքի Հօր` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջի Մասունքով Վերանորոգեց Իր Հաւատքը

Կիրակի, 22 մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ողողուած էր հազարաւոր ուխտաւորներով, որոնք եկած էին վերանորոգելու եւ իրենց հաւատքը ամրապնդելու հայոց հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին մասունքով: 21 մարտը տօնն էր Ս.  Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանաց եւ մուտն ի վիրապին, որ նաեւ ուխտի օրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Ուխտի կիրակի օրուան արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Այս առիթով Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Ս. պատարագի քառաձայն երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ  Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեանի:

«Հաւատամք»-ին, զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ, միաբան հայրերէ կազմուած վեհափառ հայրապետին թափօրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սրբազան մասունքները եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը ամփոփող պատմական արծաթապատ եւ Ս. Լուսաւորիչի չարչարանքները նկարագրող քանդակներով զարդարուած արկղին առաջնորդութեամբ, ուղղուեցաւ Մայր տաճար:

Քարոզի պահուն, սրբազան հայրը մէջբերելով շարականագիրին բառերը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի` Քրիստոսի վկան եւ խոստովանողը ըլլալու իրողութեան եւ ըսաւ. «Այն օրուընէ, երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճարտարապետեց Հայ եկեղեցին` եկեղեցին իր կարգին դարձաւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ճշմարիտ խոստովանողը եւ վկան Քրիստոսի, որովհետեւ իր առաքելութեան ընթացքին, անտեսանելին տեսնելու կարողութեամբ գործեց եւ ստեղծագործեց մեր «հաւատոյ հօր» կեանքի օրինակով, մեր ժողովուրդին զաւակները եւս իրենց մտքի եւ հոգիի ստեղծագործութեամբ խոստովանեցան Քրիստոսը եւ իբրեւ այդպիսին եղան ճշմարիտ ռահվիրաները ճշմարտութեան, միեւնոյն ժամանակ հանդիսանալով վկաները Քրիստոսի»:

Պատարագի աւարտին, միաբան հայրերէն, քահանայից դասէն եւ դպրեվանքի սաներէն կազմուած թափօրը, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ մայրավանքին շրջանը կատարեց: Թափօրի ընթացքին հաւատաւոր ժողովուրդը ամենայն երկիւղածութեամբ մօտեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին եւ այս առիթով կաթողիկոսարանի գանձատունէն դուրս բերուած այլ սուրբերու մասունքներուն` ստանալու անոնց օրհնութիւնը: Ուխտաւորները անգամ մը եւս վերանորոգեցին իրենց հաւատքը, հայ ժողովուրդի ճակատագիրին` Հայոց ցեղասպանութեան ու տարագրութեան ենթարկուած, դարերէն եկող մասունքներով, հայցելու սուրբերուն բարեխօսութիւնը, խնդրելու անոնց բժշկութիւնը եւ իրենց աղօթքները բարձրացնելով առ Աստուած:

Թափօրի աւարտին, վեհափառ հայրապետը եւ միաբան հայրերը բարձրացան Ս. Խորան, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն: Վեհափառը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը բարձրացնելով, դիմեց մեծ սուրբին. «Ո՜վ Լուսաւորիչ մեծ Հայրապետ, Ս. Աջիդ հովանիին տակ օրհնէ՛ մեր ազգը ամբողջ` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Օրհնէ՛ մանաւանդ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած ուխտաւոր ժողովուրդը: Սրբէ՛ մեր մեղքերը, մաքրէ՛ մեր հոգեկան ու ֆիզիքական ախտերը. առողջութիւն շնորհէ՛ հիւանդներուն. լուսաւորէ՛ մեր կեանքի խաւար ճամբաները. երկնային բարիքներով ծաղկազարդէ՛ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մեր ընտանիքներուն եւ մեր մեծ ընտանիքին` քու պատուական ժողովուրդիդ կեանքը` ի պայծառութիւն հայ եկեղեցւոյ եւ յաւերժութիւն ազգիս հայոց: Ամէն»:

Ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջի մասունքը տեղադրուեցաւ մայր խորանին վրայ, որպէսզի բազմահազար ուխտաւորներուն, միաբան հայրերու հսկողութեան ներքեւ, առիթ ընծայուի մինչեւ ուշ երեկոյ, ամենայն երկիւղածութեամբ մօտենալու Ս. խորան եւ համբուրելով Ս. Աջը ստանալու մեծ սուրբին օրհնութիւնը:

Ազդակ

Scroll Up