Հայաստան կը նախատեսէ հիւպատոսութիւն բանալ Քիւրտիստանի մէջ. Արաբերէն Մամուլ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/irbil.jpg)
Քիւրտիստանի տարածաշրջանի վարչապետ Պրն. Նիճիրֆան Պարզանին, չորեքշաբթի 18 Մարտին, ընդունած է Պրն. Լեւոն Սարգսեանը` Հայաստանի կառավարութեան յատուկ ներկայացուցիչը եւ Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Կարէն Գրիգորեանը: Այս մասին “Հայերն Այսօր”-ը կը տեղեկանայ Քիւրտիստանի կառավարութեան կայքէջէն:
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի կառավարութեան յատուկ ներկայացուցիչը փոխանցած է նախագահի եւ վարչապետի ողջոյնները Քիւրտիստանի վարչապետին, զրոյցին կարեւոր համարած է հնագոյն յարաբերութիւնները երկու ժողովուրդներու` քիւրտերու եւ հայերու միջեւ, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած ամուր կապեր հաստատելու Էրպիլի եւ Երեւանի միջեւ, այս առնչութեամբ նշած է ան, որ պատրաստ են ձեւաւորելու համատեղ բարեկամութեան յանձնաժողով Հայաստանի եւ Քիւրտիստանի միջեւ, ամրապնդելու երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու` մշակութային, առեւտրատնտեսական կապերու զարգացմամբ:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը յայտարարած է, որ կը նախատեսեն Հայատանի հիւպատոսութիւն բանալ Էրպիլի մէջ, ինչպէս նաեւ սկսիլ հայկական օդանաւներու չուերթներ իրականացնել Էրպիլի եւ Երեւանի միջեւ, նշած են նաեւ, որ Հայաստանի մէջ մասնաւոր հատուածը պատրաստ է ներդրումներ ընելու Քիւրտիստանի տարածաշրջանին մէջ, կոչ ընելով Քիւրտիստանի կառավարութեան համագործակցելու եւ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու այդ նպատակին համար:
Իր հերթին Քիւրտիստանի վարչապետը, ողջունելով Հայաստանի պատուիրակութիւնը, յայտնած է իր շնորհակալութիւնը եւ գնահատանքը ՀՀ նախագահին եւ վարչապետին, գնահատելով Հայաստանի որոշումը հիւպատոսութիւն բանալու Էրպիլի մէջ, միեւնոյն ատեն իր լիակատար աջակցութիւնը յայտնած է, համատեղ բարեկամութեան յանձնաժողովի ստեղծման, ան յայտնած է նաեւ, որ Քիւրտիստանի տարածաշրջանի կառավարութիւնը պատրաստ է համագործակցելու իրենց կառավարութեան ներդրումային օրէնքներուն համաձայն:
Միւս կողմէն, Պրն. Պարզանին իր խօսքին մէջ կարեւոր համարած է քաղաքական, տնտեսական, սոցիալական եւ գիտական յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Քիւրտիստանի միջեւ, յատկապէս այցերու փոխանակման եւ Հայասատանի համալսարաններուն մէջ Քիւրտիստանի ուսանողներու հարցը, որ կ’ամրապնդէ Էրպիլի եւ Երեւանի միջեւ կապերը: