Վաւերագրական Կարճ Ֆիլմերու Ցուցադրութիւն՝ «Հայերը Եւ Թուրքիա» Խորագիրով

Հայկական գեղարուեստին նուիրուած «Life100» խորագիրով ցուցահանդէս մը տեղի կ՛ունենայ Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանին մէջ (1601 West Mountain Street, Glendale, CA 91201), ուր կը ցուցադրուին աւելի քան 50 հայ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ, որոնց մէջ ակնյայտ է Հայկական Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը։
Ցուցահանդէսին զուգահեռ, ծրագրուած են շարք մը այլ ձեռնարկներ, որոնցմէ մէկն է Կիրակի, Մարտ 22ին, կ.ե. ժամը 2էն 7 կայանալիք վաւերագրական ֆիլմերու ցուցադրութիւնը՝ համագործակցութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկին։ Ընթացքին պիտի ցուցադրուին հայ եւ թուրք բեմադրիչներու պատրաստած եւ Ցեղասպանութենէն ետք հայ-թուրք բարդ յարաբերութեանց նուիրուած շարք մը կարճ վաւերագրական ֆիլմեր, որոնք են.
– Ժամը 2ին, Լուսին Տինքի «Saroyanland»ը (72 վայրկեան)
– Ժամը 3:15ին, Սերժ Աւետիքեանի «Barking Island»ը (15 վայրկեան)
– Ժամը 3:30ին, Գոռ Պաղտասարեանի «Neighbors»ը (52 վայրկեան)
– Ժամը 4:20ին, դադար (10 վայրկեան)
– Ժամը 4:30ին, Ումիթ Քիվանճի «A Rainy Day in April»ը (10 վայրկեան)
– Ժամը 4:40ին, Մեթիու Զէյթինճիօղլուի «The Son of the Olive Merchant»ը (77 վայրկեան)
– Ժամը 6ին, «Սիվիլնե»չի «My Bolis: Yasar Kurt»ը (9 վայրկեան)
– Ժամը 6։10ին, Թետ Պօղոսեանի «An Armenian Journey»ն (58 վայրկեան)։
Ցուցադրութիւնը պիտի կրկնուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, Ապրիլ 23ին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (213) 821-3943 թիւին։

Scroll Up