Ապագային ՀՀ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւնը կը զարգանայ. «Zaman»-ի լրագրող

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներու միջեւ շատ ընդհանուր բան կայ:

artsakhpress.am-ի փոխանցմամբ, այս մասին, այսօր` Մարտ 18-ին, «Արարատի ստորատին» անուանումը կրող լրատուամիջոցներու խորհրդաժողովի ծիրէն ներս լրագրողներուն հետ զրոյցին նշած է թրքական «Zaman» թերթի լրագրող Սերուէթ Եանաթման: Անոր խօսքով` ինք կը լուսաբանէ Թուրքիոյ համար կարեւոր տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, ներառեալ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը:

«Իմ աշախատանքս պատմութիւնը քննարկելը չէ, այլ երկու կողմերու` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, դիրքորոշումները լուսաբանելը»,-ընդգծած է Եանաթման: Թուրք լրագրողը նշած է, որ Հայաստան կ’այցելէ արդէն 3-րդ անգամ: «Ես յոյս ունիմ, որ երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ապագային կը զարգանայ»,-աւելցուցած է Սերուէթ Եանաթման:

Scroll Up