Երեւանի մէջ պիտի տեղադրուի եզիտիներու կոտորածին նուիրուած յուշարձան

Ե­րե­ւա­նի Օ­ղա­կա­ձեւ զբօ­սայ­գիին մէջ պի­տի տե­ղադ­րո­ւի յու­շար­ձան` նո­ւի­րո­ւած 1915ին զո­հուած բազ­մա­հա­զար ե­զի­տի­նե­րուն: Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի կայ­քը, ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծը ներ­կա­յա­ցուած է Ե­րե­ւա­նի Ա­ւա­գա­նիի ­Մարտ 18ի նիս­տին:

Ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծին` ե­զի­տի­նե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շար­ձան տե­ղադ­րե­լու հա­մար Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րան դի­մած է «­Մի­տիա-­Շան­գալ» ե­զի­տի­նե­րու Ազ­գա­յին ­Միա­ւո­րում հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Ա­մօ ­Շա­մո­յեան:

«­Վե­րո­յի­շեա­լի վե­րա­բե­րեալ միջ­նոր­դու­թիւն ներ­կա­յա­ցո­ւած է նաեւ Ե­րե­ւան քա­ղա­քի գլխա­ւոր ճար­տա­րա­պետ ­Տիգ­րան ­Բար­սե­ղեա­նի կող­մէ, եւ հա­մա­տեղ քննար­կում­նե­րու ար­դիւն­քով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն ձեռք բե­րո­ւած է յու­շար­ձա­նը տե­ղադ­րե­լու Ե­րե­ւան քա­ղա­քի Օ­ղա­կա­ձեւ զբօ­սայ­գիի 3րդ ­հա­տո­ւա­ծին մէջ»,- ը­սո­ւած է ո­րոշ­ման հիմ­նա­ւոր­ման մէջ: Յու­շար­ձա­նի էս­քիզ­նե­րը, ո­րոնց հե­ղի­նա­կը Հ.Հ. վաս­տա­կա­ւոր ճար­տա­րա­պետ Աս­լան Մ­խի­թա­րեանն է, քննար­կո­ւած եւ հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած են Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տին կից քա­ղա­քա­շի­նա­կան խոր­հուր­դի գե­ղա­րո­ւես­տի յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ:

Scroll Up