Լեհաստանի նախագահը Ապրիլ 24-ին կը ժամանէ Հայաստան

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Ռիչարտ Չարնեցկին, որ այս օրերուն կը մասնակցի Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի 4-րդ լիագումար նիստին, «Ժողովուրդ»-ի զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ յոյս ունի` Ապրիլ 24-ին ինք պիտի ներկայացնէ Եւրոխորհրդարանը եւ այդ օրը պիտի այցելէ Երեւան:

«Ժողովուրդ»-ի հարցին` թէ արդեօք Լեհաստանի նախագահը եւս Ապրիլ 24-ին ներկայ կ’ըլլայ ՀՀ-ի մէջ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն, ան պատասխանած է. «Այո, Սերժ Սարգսեան հրաւիրած է, եւ մեծարգոյ նախագահը ներկայ պիտի գտնուի այդ օրը»:

Յիշեցնենք, որ մինչ այս, Ապրիլ 24-ին Հայաստան գալու մասին յայտարարած են Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտը եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

Scroll Up