«Եւրոնեսթ» ԽՎ-ն Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Վերաբերեալ Բանաձեւ Ընդունեց

«Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովը Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին վերաբերեալ բանաձեւ ընդունեց: «Արմէնփրես»-­ի հաղորդմամբ` բանաձեւի ընդունուեցաւ 33 կողմ եւ 4 դէմ ձայներով:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին վերաբերեալ բանաձեւը «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի (ԽՎ) քննարկման ներկայացուցած էր հայկական պատուիրակութիւնը: Բանաձեւը ներկաներու քննարկման ներկայացուց Եւրոնեսթ ԽՎ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Արտակ Զաքարեանը:

Մինչ քուէարկութիւնը ելոյթ ունեցող բոլոր պատուիրակները կարեւոր համարեցին բանաձեւի ընդունումը` ընդգծելով, որ 100 տարի առաջ տեղի ունեցածը մարդկութեան դէմ ծանր յանցագործութիւն է, եւ հակաւոր է քայլեր ձեռնարկել, որպէսզի նման ոճրագործութիւնները այլեւս չկրկնուին:

Նիստի ընթացքին «Եւրոնեսթ» ԽՎ-­ն ընդունեց բոլոր յանձնաժողովներու զեկոյցները, ինչպէս նաեւ «Ուքրանիոյ հանդէպ ռուսական յարձակման եւ խաղաղ կարգաւորման մասին» բանաձեւը:

Scroll Up