Վարչապետը ընդունած է գանատացի գործարարներու պատուիրակութիւնը

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Գանատայէն ժամանած գործարարներու պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայաստանի մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Քիւր եւ պատուաւոր հիւպատոս Արտաշէս Էմին, դեսպանութեան ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը յայտնեն Կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Պատուիրակութիւնը մեր երկիր ժամանած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի կազմակերպած հայ-գանատական գործարար համաժողովի ծիրէն ներս` առեւտրատնտեսական կապերու սերտացման ուղղութիւնները քննարկելու նպատակով:
Վարչապետը ողջունած է գանատացի գործարարներու այցը Հայաստան` նշելով, որ այն պիտի նպաստէ երկկողմ գործարար կապերու ամրապնդման եւ հայ-գանատական փոխգործակցութեան խորացման:
Պատուիրակութեան անդամներու անունէն շնորհակալութիւն յայտնելով վարչապետին ընդունելութեան համար` դեսպան Քիւր նշած է, որ գանատացի գործարարները հետաքրքրուած են մեր երկրին մէջ ներդրումներ ընելու գործով եւ արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցած են ՀՀ շահագրգիռ գերատեսչութիւններու եւ տարբեր
ոլորտներու ներկայացուցիչներու հետ, ձեռք բերած որոշակի պայմանաւորուածութիւններ:
Վարչապետ Աբրահամեան նշած է, որ ՀՀ տնտեսութեան մէջ օտարերկրեայ ներդրումներ ներգրաւելու նպատակով կառավարութիւնը շարունակական քայլեր կ’իրականացնէ գործարար միջավայրի բարելաւման, ներդրումային նպաստաւոր դաշտի ձեւաւորման ուղղութեամբ, կը ստեղծէ հարկային ազատ պայմաններ եւ պատրաստ է աջակցելու իւրաքանչիւր ողջամիտ գործարար նախագիծի իրականացման:
Երկուստեք բարձր գնահատուած է գանատահայ համայնքի դերը երկրի հասարակական-տնտեսական կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ եւ կարեւոր ներդրումը երկու երկիրներու միջեւ բազմաբնոյթ յարաբերութիւններու զարգացման գործին: