ՔԱՀԱՄը Եզրափակուեցաւ Եւ Սկիզբ Առին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 40րդ Մարզախաղերը
Կիրակի, 15 Մարտ 2015ի յետմիջօրէին, «Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ»ի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, փակման յատուկ արարողութեամբ մը հանգամանօրէն իրենց աւարտին հասան Քալիֆորնիոյ Հայ աշակերտական մարզախաղերը՝ ՔԱՀԱՄը: Նոյն հանդիսութեան ընթացքին պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերը:
Բազմահարիւր ծնողներ եւ պաշտօնական հիւրեր մարզադաշտ փութացած էին՝ իրենց զաւակներուն եւ հայ աշակերտի մարզական յաղթանակներն ու հպարտալի շքերթը ըմբոշխնելու:
Հանդիսութեան խօսնակներն էին Նորա Չափարեան եւ Նարեկ Մեծաչեան: Հանդիսութեան դրօշակի արարողութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղերու արի-արենոյշները: Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները մեներգեց «Արարատ» մասնաճիւղէն Իւանա Գրիգորեան:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնները փոխանցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, իսկ ՔԱՀԱՄի մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն անունով ելոյթ ունեցաւ Շամլեան Ազգ. վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան:
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի 6րդ եւ 8րդ շրջանաւարտ դասարաններու աշակերտութիւնը մարզադաշտին վրայ գեղեցիկ կերպով կազմեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը արտացոլող Անմոռուկ ծաղիկը եւ խումբով արտասանեցին Վահան Թէքէեանի «Պիտի Իյնաս Այս Անգամ» բանաստեղծութիւնը:
Շամլեան Ազգ. վարժարանի 6րդ կարգի երգչախումբը՝ խմբավար Նորա Պայրամեանի գլխաւորութեամբ, խմբերգեց «Ելէք հայեր պայքարի» եւ «Մենք ենք մեր սարերը» ազգային երգերը:
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց Մարզական խորհուրդին մօտ Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Արամ Թոմասը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ օրուան երկրորդ գլխաւոր առանցքը հանդիսացող Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերու բացման բաժինը, զոր գլխաւորեց Շրջ. վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան. ան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 39րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Պետիկ Ֆերմանեանի ընկերակցութեամբ ներկայացուց Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնող ՀՄԸՄական զոյգը՝ տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները:
Վարանդ Մելքոնեան, շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ընծայուած պատիւին համար՝ Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերը բացուած յայտարարեց: Այսպէս, Գառնիկ Սարգիսեանի «ՀՄԸՄ Պանծալի» երգին ընկերակցութեամբ վեր բարձրացաւ Նաւասարդեանի խորհրդանիշը՝ խլելով ներկաներու երկարաշունչ ծափողջոյնները:
Հանդիսութեան վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ անհամբերութեամբ սպասուած աշակերտական շքերթը, որ անկեղծ արտայայտութիւնն էր անոնց ամիսներու մարզական առողջ մրցակցութեան:
Գեղեցիկ երեւոյթ էր տեսնել վարժարաններու տնօրէններու տողանցումը՝ իրենց աշակերտներուն հետ, որոնք հպարտանքով ստանձնեցին ֆութպոլի, վոլիպոլի, փինկ-փոնկի եւ թեթեւ աթլեթի մարզաճիւղերուն մէջ վաստակած իրենց յաղթանակի բաժակները:
Երեկոն խանդավառեց երգիչ Տիգրան Ասատրեանը, մարզադաշտին վրայ պարի հանելով ամբողջ աշակերտութիւնը: Փակման հանդիսութեան մասին լայնօրէն կ՛անդրադառնանք յառաջիկային:
http://asbarez.com/