Նա­խի­ջե­ւա­նի հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան նո­ւի­րո­ւած ե­րե­կոյ

Հա­յա­գէտ, ­Նա­խի­ջե­ւա­նա­գէտ Ար­գամ Այ­վա­զեա­նը ե­զա­կի այն դէմ­քե­րէն է, որ խո­րա­պէս ու­սում­նա­սի­րած եւ եր­կար տա­րի­նե­րու աշ­խա­տանք ծա­ւա­լած է՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­րա­կերտ ա­մէ­նա­հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան մաս կազ­մող ­Նա­խի­ջե­ւա­նի յու­շար­ձան­նե­րուն շուրջ։  Ան­ցեա­լի յու­շար­ձան­նե­րու եւ ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­մը եւ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­մը ա­նոնց մա­սին, մեր ինք­նու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման ան­բա­ժան մա­սը կը կազ­մեն։

Այս մտա­ծում­նե­րով, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» սրահ­նե­րէն ներս, ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու կազ­մա­կեր­պու­մով, դա­սա­խօ­սա­կան ե­րե­կոյ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­բաթ 6 ­Մարտ 2015ին։ ­Ներ­կայ ե­ղան թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեա­նը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լին, Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, շրջա­նի միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ ­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ ­Նա­զար Ա­ւա­գեա­նը, որ ներ­կա­յա­ցուց օ­րո­ւայ բա­նա­խօ­սը, անդ­րա­դառ­նա­լով իր հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան եւ շեշ­տե­լով թէ ­Նա­խի­ջե­ւա­նի գա­ւառ­նե­րու մէջ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը, կան­գուն, կի­սա­ւեր թէ ա­ւե­րակ վի­ճա­կի մէջ գտնո­ւե­լով նոյ­նիսկ, պեր­ճա­խօս եւ հա­ւաս­տի վկա­յու­թիւնն է հա­յու­թեան ան­ցեա­լին ու ստեղ­ծա­գործ ո­գիին։

Օ­րո­ւայ բա­նա­խօս Ար­գամ Այ­վա­զեան, իր խօս­քին մէջ բա­ցատ­րեց թէ բեր­դա­քա­ղաք­նե­րով, վան­քե­րով եւ յու­շար­ձան­նե­րով լե­ցուն ­Նա­խի­ջե­ւա­նի ճար­տա­րա­պե­տա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը սկսաւ հե­թա­նո­սու­թեան, ա­պա յատ­կա­պէս զար­գա­ցաւ քրիս­տո­նէու­թեան շրջա­նին։ Այն ժա­մա­նակ­նե­րէն հիմ­նադ­րո­ւած ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն եւ վա­նա­կան հա­մա­լիր­նե­րէն շա­տե­րը՝ ինչ­պէս օ­րի­նակ Ա­գու­լի­սի Ս. ­Թով­մա, Ս. Ք­րիս­տա­փոր, Աս­տա­պա­տի եւ այլ վան­քե­րը՝ միջ­նա­դա­րեան ու­սում­նա­կան ու գի­տա­կան նշա­նա­ւոր կեդ­րոն­ներ հան­դի­սա­ցած են։ Ո­րե­ւէ ձե­ւով մխի­թա­րա­կան չէ բո­լոր այդ ժա­ռան­գու­թեան ներ­կա­յի վի­ճա­կը, երբ կը շա­րու­նա­կո­ւի ա­նոնց հան­դէպ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը կամ պե­տա­կան մի­ջամ­տու­թեամբ ա­ւե­րու­մը։

Յա­ջոր­դա­բար ցու­ցադ­րո­ւե­ցան բա­նա­խօ­սի հե­ղի­նա­կու­թեամբ ու աշ­խա­տան­քով պատ­րաս­տո­ւած եր­կու ժա­պա­ւէն­ներ ­Ջու­ղա­յի խաչ­քա­րե­րուն վե­րա­բե­րեալ, ուր ման­րա­մաս­նօ­րէն ցոյց կը տրո­ւէին իւ­րա­քան­չիւր յու­շար­ձա­նի, գե­րեզ­մա­նի տա­պա­նա­քա­րե­րու, խաչ­քա­րե­րուն վրայ քան­դա­կո­ւած նրբա­տաշ նաշ­խե­րը, Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տու­թեան կող­մէ ա­նոնց քան­դումն ու ա­ւե­րու­մը։­Ներ­կա­յաց­ման ա­ւար­տին ա­ռիթ տրո­ւե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն հար­ցում­ներ ուղ­ղել բա­նա­խօ­սին, ո­րոնց հա­մար տրո­ւե­ցան ման­րա­մասն պա­տաս­խան­ներ:

azator.gr

Scroll Up