Քիւրտիստանի խորհրդարանի հայ ներկայացուցիչը կ’այցելէ Աշթար հեռուստաալիք

Aztagarabic-ի փոխանցամամբ, իրաքեան «Աշթար» հեռուստաալիքը իր կայքէջին մէջ նշած է, որ Իրաքի Քիւրտիստաի խորհրդարանի հայոց ներկայացուցիչ Երուանդ Ամինեան այցելութիւն մը ունեցած է «Աշթար» արփանեակային հեռուստաալիքի կեդրոն, անոր դիմաւորած է հեռուստաալիքի ընդհանուր տնօրէն Ռազմիկ Մուրատեան:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձած Մուրատեան նշած է «Աշթարի» դերը` լուսաբանելով Քիւրտիստանի մէջ ապաստան գտած քրիստոնեայ եւ հայ փախստականներու խնդիրներու մասին, աւելցուցած է ան , որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը շնորհիւ հովանաւոր Սարգիս Աղաճանի: Երուանդ Ամինեան կարեւոր համարած է «Աշթարի» լիարժէք տեղեկատուական աշխատանքները:

Հաղորդավար Շամուուն Մէթի հարցազրոյց ունեցած է, խորհրդական Ամինեանի հետ, հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած են, հայոց վիճակին Քիւրտիստանի մարզին մէջ եւ Հայոց ցեղասպաութեան 100-րդ տարելիցին:

Թարգմանութիւնը՝ «Հայերն այսօրի»

Scroll Up