Խրատներ Բաշխող «Սիլվա Տը Ճինի» Պուպրիկը Աւստրալիա Կը Հասնի

Անցեալ տարի շուկայ իջած էին օրինակներ հեղինակ Սիլվա Միրզոյեանի «Սիլվա Տը Ճինի» իւրայատուկ պուպրիկէն, որուն որովայնին իւրաքանչիւր հպում նոր խրատ մը կ՛արտաբերէ՝ երեխաներուն ինքնավստահութիւն ներշնչելու եւ անոնց մէջ յաջողութեան սերմեր ցանելու նպատակով:
Այս իւրայատուկ պուպրիկին մասին լուրեր հաղորդած են աւելի քան 250 լրատուամիջոցներ, եւ պուպրիկը արդէն իսկ ճամբայ ելած է դէպի Աւստրալիա, իր սպասարկութիւնը հասցնելու համար նաեւ այնտեղի երեխաներուն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.silvathegenie.com կայքը, կամ դիմել (310) 488-4959 թիւին ու info@gangofhope.com հասցէին:

http://asbarez.com/

Scroll Up