Երեւանի Մէջ Մեկնարկեց Եւրոնեսթի Լիագումար Նիստը

Այսօր ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ մեկնարկեց Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի չորրորդ նստաշրջանը: Նստաշրջանի քառօրեայ աշխատանքներուն կը մասնակցին Արեւելեան գործընկերութեան անդամ բոլոր երկիրներու պատուիրակութիւնները, բացի Ատրպէյճանէն: Նախապէս ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավարը յայտարարած էր, որ Երեւանի մէջ նստաշրջանը գումարելու որոշումը վեհաժողովը կայացուցած է` հաշուի չառնելով իրենց բողոքը, եւ այդ պատճառով իրենց պատուիրակութիւնը Երեւան պիտի չմեկնի:

Հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Արտակ Զաքարեանը, որ նաեւ Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահն է, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է, որ պիտի քննարկուին Արեւելեան գործընկերութեան եւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս՝ տնտեսութեան, ուժանիւթի անվտանգութեան, հաղորդակցութեան եւ մշակութային ոլորտներու:

«Դա քաղաքական այն միջավայրն է, որտեղ տեղի է ունենում քաղաքական երկխօսութիւն, համեմատութիւններ, խօսւում են գոյութիւն ունեցող հիմնախնդիրներից, որտեղ տեղի է ունենում կարծիքների բախում եւ քննարկումները ցոյց են տալիս, թէ որ պետութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան որքանով է պատրաստ իր իսկ յայտարարած, ասոցացման (ընդելուզման-ԵՌԳ.) կամ երկխօսութեան օրակարգը առաջ տանել եւ որքանով դրա համար կայ պատրաստուածութիւն, պատրաստակամութիւն Եւրամիութեան կողմում` ընդառաջ գնալ», – ըսած է Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահը:

Հարցումին, թէ նման քննարկումները արդեօք ինչ-որ շօշափելի արդիւնք կու տան Եւրոմիութեան հետ ընդելուզման առումով, այն պարագային, երբ Հայաստան արդէն Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ է, Արտակ Զաքարեանը պատասխանած է. «Հայաստանը պատրաստակամ է սկսելու բանակցութիւնները երկխօսութեան եւ յետագայ համագործակցութեան հետ կապուած փաստաթուղթ ունենալու, Հայաստանը ամենաբարձր մակարդակով պաշտօնապէս միշտ յայտարարել է ԵՄ–ի հետ համագործակցութիւնը իր արտաքին քաղաքական օրակարգում կարեւոր տեղում ունենալու մասին», – ան շարունակելով ըսած է․«Իսկ ինչ վերաբերում է մեր նոր տնտեսական ինտէգրացիոն խնդիրներին, բնականաբար, դրանք ունեն իրաւաքաղաքական, իրաւապայմանագրային ամրագրում եւ մենք պարտաւոր ենք հետեւել այդ խնդիրներին»:

Եւրոնեսթը հիմնադրուած է 2011 թուականին: Հիմնական նպատակը նախկին խորհրդային 6 հանրապետութիւններու` Ուքրանիոյ, Պելառուսիոյ, Մոլտովայի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մերձեցումն է Եւրոմիութեան հետ:

Scroll Up