Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցած է Պէյրութի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին

Մարտ 13-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մէջ կազմակերպուած էր երախտագիտութեան երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Լիբանանի ուժանիւթի, կրթութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան, գիւղատնտեսութեան նախարարները, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Քոչարեան, կրօնական առաջնորդներ, խորհրդարանի պատգամաւորներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ:
Բացման խօսքին մէջ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Քոչարեան նշեց, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ իրականացուող, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներու նպատակն է միջազգային հանրութեան լայն զանգուածներուն իրազեկ պահելը եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը լսելի
դարձնելը: Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած Լիբանանի խորհրդարանին, բոլոր երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն: Ան ընդգծեց, որ ոգեկոչման ձեռնարկները կ’իրականացուին «Յիշողութիւն», «Երախտագիտութիւն», «Միջազգային պայքար» եւ «Վերածնունդ» հիմնական ուղղութիւններով: Աշոտ Քոչարեան կարեւոր համարեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի հերթական նիստի ժամանակ ընդունուած համահայկական հռչակագիրը, որ հայ ժողովուրդի միասնութեան եւ համախմբուածութեան արդիւնքն էր: Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը, անցնելով վերածնուելու եւ ազատագրուելու հերոսական ու փառահեղ ուղին, կը նշէ կեանքի յաղթանակը մահուան հանդէպ:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի փոխատենապետ Շահան Գանտահարեան: Խօսելով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան մասին` ան շեշտեց, որ միջազգային հանրութիւնը արդար գնահատական պէտք է տայ կատարուած յանցագործութեան: Շահան Գանտահարեան եզրափակեց, որ եթէ 100 տարի առաջ իրականացուած ցեղասպանութիւնը դատապարտուի, աշխարհ այլեւս ականատես չըլլար նոր ցեղասպանութիւններու:
Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր, Լիբանանի վարչապետի եւ խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ Ղասան Մուխայպեր, անդրադառնալով Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներու զրկանքներուն եւ տառապանքներուն, ընդգծեց. «Մենք բոլորս հայ ենք»: Ան հպարտութեամբ խօսեցաւ լիբանանահայ համայնքին մասին, որուն հանդէպ Լիբանանի ժողովուրդը ունի յատուկ վերաբերմունք եւ յարգանք: Մուխայպեր կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան համախմբուելու` յետագային հնարաւոր ցեղասպանութիւնները կանխելու նպատակով:
Երեկոյի աւարտին ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Նախարարը ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշէ արաբական աշխարհի, մասնաւորապէս Լիբանանի ժողովուրդի ցուցաբերած անուրանալի աջակցութիւնը, որուն շնորհիւ հայութեան բեկորները փրկութիւն եւ ապաստան գտան, հիմնաւորուեցան, յարմարեցան եւ աշխուժօրէն մասնակցեցան քաղաքական, սոցիալ-տնտեսական եւ մշակութային կեանքին: Նախարարը, մէջբերելով ՀՀ Նախագահի` ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովին ունեցած ելոյթը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պետութիւններուն, միջազգային, կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն, որոնք ճանչցած եւ դատապարտած են մարդկութեան դէմ կատարուած սոսկալի ոճիրը` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անդրադառնալով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան` Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. որ ներկայիս Թուրքիան ջանքեր չի խնայեր` խեղաթիւրելու, ժխտելու եւ կեղծելու իրականութիւնը: Ան համոզում յայտնեց, որ Թուրքիան օր մը պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը նաեւ այն պատճառով, որ թրքական հասարակութեան մէջ մարդիկ սկսած են ուսումնասիրել իրենց իրական պատմութիւնը, իսկ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը այլեւս չի լռեր եւ անընդհատ պիտի պահանջէ համազգային իրաւունքներու վերականգնումը: Նախարար Յակոբեան ներկայացուց Համահայկական հռչակագիրի գլխաւոր սկզբունքները 100-րդ տարելիցին «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսին համահունչ: