Երեւանեան Կրկէսը Համերգային Ծրագիրով Հանդէս Պիտի Գայ Արցախի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/06/8236622659_2b51bcc8e5.jpg)
Երեւանեան կրկէսի թատերախումբը յունիս 30-էն յուլիս 6,համերգային շրջագայութեամբ պիտի մեկնի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին կը տեղեկացնեն Հայաստանի կրկէսային գործիչներումիութեան մամուլի ծառայութենէն, մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ Արցախիտարբեր շրջաններու մէջ ԼՂՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբնախատեսուած է երեւանեան կրկէսի 6 ելոյթ` կրկէսային բազմաժանր ծրագիրով:
«Կրկէսային կոլեկտիւի ներկայացնելիք ծրագիրը մեր հանդիսատեսներին ուրախութիւնկը պարգեւի իր էներգետիկայով եւ կը հրաւիրի հրապուրիչ ճամփորդութեան դէպիիլիւզիաների, էքստրեմալ մարմնամարզութեան, վիրտուոզ ձեռնածութեանեւ կլոունադայի հեքիաթային աշխարհ: Մենք առաջին անգամն ենք շրջագայութեանմեկնում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:
Մանրակրկիտ նախապատրաստուել ենք: Ծրագրում ընդգրկել ենք նաեւ ՆայիրաՊետրոսեանի ղեկավարած Լէոնիդ Ենգիբարովի անուան կրկէսային ստուդիայիդեբիւտանտներին: Ի դէպ, համերգային շրջագայութեան ընթացքում ունենալիքելոյթների ծրագիրը եւս կազմել է Նայիրա Պետրոսեանը»,- նշած է Երեւանեան կրկէսիգեղարուեստական ղեկավար Սօս Պետրոսեան:

Այս շրջագայութեան ընթացքին կրկէսային աձնակազմը ելոյթներ պիտի ունենայ նաեւԼՂՀ զօրամասերուն մէջ: Այդ ծրագիրը պիտի իրականացուի Հայաստանի ՊՆնախաձեռնութեամբ:
Ամրան ընթացքին, արցախեան շրջագայութենէն ետք, մեր կրկէսային արտիստներըպիտի շարունակեն Հայաստանի մարզերուն մէջ արտագնայ ներկայացումներով հանդէս գալու ծրագիրը: Մինչ այժմ Երեւանեան կրկէսըներկայացումներով հանդէս եկած է Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ տեղակայուածզօրամասերուն մէջ: