Ալեքսան Յարութիւնեան Արժանթինի մէջ հանդիպած է հայ համայնքին

Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան հանդիպած է տեղի հայ համայնքին եւ ներկայացուցած իր դիւանագիտական գործունէութեան գլխաւոր նպատակները:
PrensaArmenia-ի փոխանցմամբ` հանդիպման ներկայ եղած են արտաքին գործոց նախկին նախարար Խորխէ Տայանոն եւ ժողովրդական պատգամաւոր Գարլոս Ռայմունտը: «Ես յոյս ունեմ, որ իմ` այստեղ գտնուելու ժամանակահատուածում կը կարողանամ պահպանել ու աւելացնել այն ներդրումը, որն ունեցել են իմ նախորդները երկկողմ յարաբերութիւնների ամրապնդման համար»,- ըսած է Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ շատ կարեւոր է այն հանգամանքը, որ իր դիւանագիտական գործառոյթներու մեկնարկը կը համընկնի Հայոց
ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութիւններուն հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արժանթինի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992թ. Յունուար 17-ին: 1993 թուականէն Պուէնոս Այրէսի մէջ կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը: 2009թ. Մարտ 17-ին ԱՀ նախագահ Քրիստինա Ֆերնանտէս տէ
Կիրչները հրամանագիր ստորագրած է Հայաստանի մէջ դեսպանութեան բացման վերաբերեալ: 2010թ. Մայիս 20-ին Միկել Անխէլ Կունէոն իր հաւատարմագիրները յանձնեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին:
2011թ. Սեպտեմբեր 6-ին Արժանթինի Սենատին մէջ, իսկ Հոկտեմբեր 6-ին պատգամաւորներու պալատին մէջ ստեղծուած են ՀՀ-ԱՀ բարեկամութեան խորհրդարանական խումբեր: 2012թ. Յունիս 1-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արժանթինեան Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիէկօ Էռնեսթօ Ալվարես Ռիւերան իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին: 2014թ.
Դեկտեմբեր 30-ին Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպան նշանակուած է Ալեքսան Յարութիւնեան: Արժանթինը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է օրէնքի ուժով 2007թ.:
Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ artsakhpress.am կայքէն: