Սպանացի Գրող Կոնսալօ Կուարչին Պարգեւատրուած Է «ՄովսէսԽորենացի» Մետալով

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ընդունած է սպանացի գրող ԿոնսալօԿուարչին, որուն Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով փաստագրական երեքվէպերու ռուսերէն հրատարակութեան շնորհանդէսը օրերս  տեղի ունեցածէ Երեւանի մէջ: Կոնսալօ Կուարչի եռագրութիւնը` «Հայկականտոհմածառը», «Հայոց կտակ» եւ «Սպիտակ լեռը», կը ներկայացնէ ոչ միայն1915թ. ողբերգական իրադարձութիւնները, այլ նաեւ քաղաքական այնդրդապատճառները, որոնք յանգեցուցած են Ցեղասպանութեան:

Հանդիպման Նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջունած է հիւրին մեր երկրինմէջ եւ երախտագիտութիւն յայտնած Կոնսալօ Կուարչին` իր գրականգործունէութեան ընթացքին մեր ժողովուրդի պատմութեան անաչառօրէնանդրադառնալու եւ անցեալ դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութեանկողմէ իրագործուած ոճրագործութիւնը սպաներէն, այնուհետեւ ռուսերէնլեզուներով գեղարուեստօրէն ներկայացնելու համար: Հայ ժողովուրդինհամար, ըստ Հանրապետութեան նախագահին, այդ իսկականբարեկամութեան, սիրոյ եւ պատմական արդարութեան վերականգնմանգործին աջակցութեան օրինակ է, որ չափազանց գնահատելի է:
Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը վստահաբար նոյնպիսիզգացումներ կը տածէ Կոնսալօ Կուարչի նկատմամբ: Բարձր գնահատելովգրողի գործունէութիւնը` նախագահը պարգեւատրած է անոր «ՄովսէսԽորենացի» մետալով եւ նշած, որ Կոնսալօ Կուարչի գրական աշխատանքըմշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու փոխադարձ հարստացմանիսկական օրինակ է:
Սպանացի գրողը շնորհակալութիւն  յայտնած է Նախագահ ՍերժՍարգսեանին բարձր պարգեւին ու ջերմ խօսքերուն համար եւ ընդգծած, որհպարտութեամբ ու պատուով պիտի կրէ մետալը` փորձելով կեանքիյետագայ տարիներուն ալ արժանի ըլլալ այդ մեծ պարգեւին:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու եւլրատուութեան վարչութենէն կը  յայտնեն, որ հանդիպման աւարտինՀանրապետութեան նախագահը առողջութիւն եւ ստեղծագործականյետագայ յաջողութիւններ  մաղթած է Կոնսալօ Կուարչին: ՍերժՍարգսեանը նշած է, որ Հայաստանը մշտապէս պատրաստ է կանգնելու իրբարեկամներու կողքին եւ ուրախ կ’ըլլայ մեծագոյն հաճոյքով անոնցվերստին հիւրընկալելու:
Scroll Up