Տիգրան Համասեանի երաժշտական հնչիւնները կու գան շատ հեռուէն. NPR ձայնասփիւռի անդրադարձը

Ամերիկեան NPR ձայնասփիւռը անդրադարձած է յայտնի երաժիշտ Տիգրան Համասեանին:

Երաժիշտներն իրենց իւրայատուկ ձեռագիրը  ձեռք կը բերեն տարատեսակ երաժշտական ազդեցութիւններու ներքոյ: Ճազային դաշնակահար Տիգրան Համասեանի երաժշտական հնչիւնները կու գան շատ  հեռուէն. ան յառաջդիմական մետալ խումբերու, ինչպիսիք են Tool-ը եւ Meshuggah-ը, ինչպէս նաեւ իր հայրենի երկրի երաժշտութեան սիրահար է, tert.am-ի փոխանցմամբ կը գրէ npr.org-ը:

Տիգրան Համասեան ամերիկեան NPР ձայնասփիւռի հաղորդավար Արուն Ռաթի հետ խօսած է իր հայրենի փոքր երկրի պատմութեան, ինչպէս նաեւ այն մասին, թէ ինչու ան կը կարծէ, որ դաշնամուրի աւանդական մօտեցումները կ’անտեսեն գործիքի շատ հնարաւորութիւններ:

Համասեան ծնած է Հայաստան, տեղափոխուած Լոս Անճելըս եւ Նիւ Եորք, այնուհետ վերադարձած հայրենիք` իր արմատներուն ծանօթանալու համար, կը նշէ NPR-ը: Անոր նոր ալպոմը` «Mockroot», ոգեշնչուած է մասամբ Պետրոս Դուրեանի ստեղծագործութիւններէն: Համասեան կը նշէ, որ Դուրեանի շունչը փոխանցելու համար պայման չէ օգտագործել գրողի բանաստեղծութիւնները: Բանաստեղծի ստեղծագործութիւններու հիման վրայ ստեղծուած երգերը կը կատարուին յօրինուած վանկերով, որոնք չեն պատկանիր որեւէ  լեզուի` բանաստեղծի
էութիւնը բացայայտելու համար:

«Բոլորը անոր չափազանց մելամաղձոտ եւ մռայլ կը համարեն, բայց ես համաձայն չեմ ատոր հետ: Ան բանաստեղծութիւններ ունի, որոնք մռայլ են, բայց անոր բոլոր բանաստեղծութիւններուն մէջ լոյս կայ, անոր կարդալէ ետք կը լուսաւորուիս եւ կեանքով կը լեցուիս»,- կ’ըսէ Համասեան:

«Ես կը սիրեմ ոգեշնչուիլ բանաստեղծութիւններով, բայց ոչ անպայմանօրէն ատոնք  երգերու համար բառեր օգտագործելով: Երբեմն երաժշտութիւնը, որ ես կը գրամ, կարիք չունի բառերու, այն պարզապէս ձայնաւոր հնչիւններու կարիք ունի»,- կ’աւելցնէ ան:

 

Scroll Up