Թուրքիա. Քիւրտերը հետզհետէ աւելի պահանջատէր
Տիգրանակերտի մէջ (ներկայիս՝ Տիյարպաքըր) տեղի ունեցած է Քիւրտերու երկօրեայ համագումարը: Աւարտին, քրտամէտ DTK (Ժողովրդավար Ընկերութեան Գոնկրէս) կուսակցութեան փոխնախագահուհի Այսէլ Թուղլուք ընթերցած է եզրափակիչ հաղորդագրութիւն մը, որ կը բովանդակէ շարք մը պահանջներ, որոնցմէ գլխաւորներն են՝
– ազատ արձակել քաղաքական բոլոր բանտարկեալները,
– ազատ արձակել Ապտուլլահ Էօճալանը,
– ՓՔՔ-ն այլեւս չնկատել որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն,
եւ հետեւեալ յայտարարութիւններն ու կոչերը՝
– Համագումարը կը զօրակցի Սուրիոյ Քիւրտերուն,
– Համագումարը կոչ կ՚ընէ Իրաքի նախագահ Թալապանիին, Իրաքեան Քիւրտիստանի Դաշնակցութեան նախագահ Պարզանիին եւ միւս կազմակերպութիւններուն, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ՝ Ազգային Համագումար մը կազմակերպուի:
Թուղլուք ըսած է, նաեւ որ այս համագումարը նշանակալից քայլ մըն էր դէպի Քիւրտիստանի եւ մերձակայ շրջաններու ազատ ապագան:
Կ՚արժէ նաեւ նշել, որ այս համագումարին անունին մէջ իսկ գործածուած է «Քիւրտիստան» անունը, քանի՝ նախաձեռնութիւնը կը կոչուէր «Հիւսիսային Քիւրտիստան՝ միութեան եւ լուծումի համագումար»:
«Նոր Յառաջ»