Ալֆորվիլ. դպրոցաշինութիւնը սկսաւ

Վերջապէս Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ դպրոցը իր նոր կրթական համալիրի շինարարական փուլը թեւակոխեց… տասնհինգ-քսան տարուան ուշացումով։ Երեքշաբթի օր բեռնակառքերը փոխադրեցին շինարարական սարքերն ու ապրանքները դպրոցին շրջաբակէն ներս։ Առժամեայ կերպով պիտի շինուին երկու դասարաններ, ուր պիտի տեղափոխուի նոր դպրոցի հողամասին վրայ գտնուող նախկին դասարաններու աշակերտութիւնը, որմէ ետք պիտի սկսի շինարարութիւնը, որուն տեւողութիւնը պիտի ըլլայ մէկ ու կէս տարի։ Այսինքն, սկզբունքով՝ 2015ի տարեմուտին դպրոցը գործածութեան պիտի յանձնուի։ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ, ճառերէն ու քարոզներէն վեր, Փարիզի հայ համայնքին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ, լաւագոյն նուէրը պիտի հանդիսանայ նոր սերունդին։ Թեմիս առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, հակառակ բազմաթիւ խոչընդոտներու եւ նախապաշարուած մտայնութիւններու, գլխաւոր պաշտպանը եւ ջատագովողը եղաւ թափանցիկ պայմաններու մէջ դպրոցին նոր շէնքի կառուցման։

Արդէն, տասնեակ տարիներէ ի վեր, դպրոցը նեղ կու գար՝ Ալֆորվիլի եւ շրջակայ համայնքներու աշակերտները ընդունելու։ Առաւել՝ միջնակարգ բաժին մը հաստատելը անհրաժեշտութիւն դարձած էր նախակրթարանը աւարտող աշակերտութեան համար։

Ներկայ շինութեան հողամասին տէրն է Փարիզի Հայ Առաքելական Եկեղեցին, որ շինարարական պայմանագիր մը (bail à construction) ստորագրած է «Հայ Մշակոյթի Զարգացման Ընկերակցութիւն ի Ֆրանսա»-ի հետ (APCAF- Association pour la Promotion de la Culture Arménienne en France), որ Ֆրանսայի թեմին մշակութային թեւն է (Թեմը իբր 1905-ի օրէնքին ենթակայ կրօնական ընկերակցութիւն, իրաւունք չունի կրթական եւ մշակութային հարցերով զբաղելու): Ճարտարապետական այս նոր յղացումը գործն է Յակոբեան գրասենեակին։

Շինութեան ընդհանուր ծախսերը կը նախատեսուին աւելի քան չորս միլիոն եւրօ, որուն կէսէն աւելին գոյացած է արտասահմանէն՝ Գէորգ Արապեան կրթասէր անձնաւորութեան բացառիկ նուիրատւութենէն։ Պարոն Կարպիս Ջրբաշեան որոշիչ դեր կատարած ըլլալ կը թուի այս նուիրատւութեան ձեռքբերման մէջ։

Լրացուցիչ երկու միլիոն եւրօն գոյացնելու համար հանգանակութեան արշաւը սկսած է՝  «1000 նուիրատու … 2000 եւրոյէն» վերնագիրով։

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up