Մայրենիի Միջազգային Օրը Մինսկի Հայորդաց Կրթօճախին Մէջ

Եկ խօսինք, եղբայր իմ, Հայերէն:
Եկ խօսինք, մեր անուշ բառերով:
Մենք հայ ենք, եկ խօսինք Հայերէն:
Խ. Դաշտենց
Մայրենիի օրը սպասուած տօն է Մինսկի Հայորդաց կիրակնօրեայ կրթօճախին մէջ: Փետրուար 22-ին հայոց լեզուի ուսուցչուհիներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր բաց դաս` նուիրուած Ոսկեղինիկ Մայրենիին: Դասասենեակը զարդարուած էր երեխաներու կողմէ պատրաստուած պաստառներով` «Մաշտոց», «Այբ,բեն,գիմ»…
Մայրենիին նուիրուած բաց դասի սկիզբը ազդարարեցին կրթօճախի աւագ խումբի սաները` Հայոց լեզուի ծննդեան պատմութեամբ, ուր ներկայացուեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքի եւ գործունէութեան, պատմական ժամանակաշրջանի, հայ գիրերու ստեղծման անհրաժեշտութեան, հայ դպրութեան հիմնադրման, Մեսրոպ Մաշտոցի առաքելութեան եւ յիշատակի մասին: Աւագ խումբի սան Կարէն Գրիգորեան ասմունքեց Խ. Դաշտենցի «Հայերէն» բանաստեղծութիւնը, որ իւրօրինակ կոչ էր `ջերմօրէն մեր լեզուն սիրելու եւ օտար աշխարհի մէջ այն վեհօրէն պահելու: Ցուցադրուեցաւ «Հայոց Մեծերու խօսքը հայոց լեզուի մասին» տեսանիւթ եւ հնչեցին հայ մեծանուն ասմունքողներու հայրենաշունչ կատարումներ:
Միջին խումբի սաներէն Սամուէլը պատմեց ներկաներուն, թէ ինչպէս Մաշտոց իր հանճարեղ այբուբենը ստեղծած է հաւասարակողմ եռանկեան մը տեսքով, որուն մէջ արտայայտուած է քրիստոնէութեան հիմնական էութիւնը` Սուրբ Երրորդութիւնը` Աստուած, Սուրբ Հոգի եւ Որդի,այսինքն`Քրիստոս:
Այնուհետեւ կրթօճախի սաները մեծ ոգեւորութեամբ ընթերցեցին մայրենիին ձօնուած բանաստեղծութիւններ եւ ասոյթներ: Երեխաները Հայոց լեզուն համեմատեցին անթառամ ծաղիկի հետ, միացեալ ուժերով «աճեցուցին» այն` իւրաքանչիւր թերթիկին գրելով հայոց լեզուն բնութագրող բառ մը եւ երդուեցան միշտ հոգ տանիլ անոր մասին, այսինքն` խօսիլ հայերէն:
Ներկաները պատասխանեցին «ի՞նչ պէտք է ընել հայոց լեզուն դարէ դար հասցնելու համար» հարցին: Տրուեցան հետաքրքիր պատասխաններ եւ խորհուրդներ, այն է` սորվիլ գրել-կարդալ, թէկուզ տան մէջ խօսիլ հայերէն, գիտնալ հայոց պատմութիւնը, ոմանք ալ խորհուրդ տուին վերադառնալ հայրենիք , ապրիլ-արարել Հայաստանի մէջ, ունենալ շատ զաւակներ ու անոնց հետ սերունդէ սերունդ խօսելով` պահել ու պահպանել մեր դարաւոր ժառանգութիւնը` մեր հնամենի մայրենի լեզուն:
Մինսկ