Հրկիզուած Եւ Հրոյ Ճարակ Դարձած Արխիւներ

Դեկտեմբեր 2011-ին, երբ արդէն իսկ ամիսներէ ի վեր սկսած էր քաոսային վիճակը Գահիրէի «Թահրիր» հրապարակէն եւ տարածուած երկրի զանազան շրջաններէն ներս, հրկիզուած էին պետական բազմաթիւ շէնքեր, որոնց կարգին Եգիպտոսի Արխիւներու Հիմնարկը:

Այդ օրերուն, աշխարհի կիզակէտն էր բուրգերու երկիրը, եւ միլիոնաւոր հետեւողներ, որոնք ամենայն սաստկումով, մտահոգութեամբ եւ յոռետեսութեամբ կը հետեւէին անցուդարձերուն, երբեք չէին երեւակայէր թէ ինչե՜ր կը հրկիզուէին: Անոնց համար շատ աւելի մտահոգիչ էր թանգարաններու թալանումը…աշխարհի քաղաքակրթութեան կեդրոնէն:
Ոչ ոք կրնար երեւակայել թէ այդ բարձրացող մուխերուն եւ աջ ու ձախ տարածուող մոխիրներուն մէջ կրնային գոյութիւն ունենալ հայութիւնն ու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը նկարագրող նամակագրութիւններ, յօդուածներ եւ նկարներ:
Պատահածը երեւակայական պատմութիւն մը չէ, ոչ ալ Եգիպտոսի արդի գրականութեան հանրածանօթ գրչի տէր՝ Ալա Ալ Ասուանիի «Եագուպեան Շէնք»ի նիւթը յիշեցնող նորավէպը (յետագային վերածուած երկար ժապաւէնի, նաեւ պատկերասփռային շարքի եւ նոյնքան հռչակ սփռած), որ փոխաբերական ոճով կը ներկայացնէր Գահիրէի ամենէն աւելի շքեղ շէնքին բնակիչներն ու իրենց անձնական կեանքը, որ նոյնիքն անցեալ դարաշրջանի Եգիպտոսի իրավիճակն էր:
Այս գիրքը ոչ մէկ կապ ունէր հայութեան հետ, բացի շէնքի սեփականատէր՝ Յակոբ Եագուպեանէն, որուն գրասենեակներէն մէկուն վարձակալն էր, նոյնինք ատամնաբոյժ եւ գրագէտ Ալ Ասուանին:
Մինչդեռ…Դեկտեմբեր 2011-ին, Եգիպտոսի Արխիւներու Հիմնարկէն ներս պատահածը պարզ դէպք մը չէր: Ահաւասիկ քանի մը տարի ետք, փաստերը ցոյց կու տան թէ, այդ հիմնարկէն ներս պահուած՝ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերու հրկիզման համար Անգարա մէկ միլիոն տոլար գերազանցող գումար մը վճարած է Եգիպտոսի եւ այս բնաջնջման գործին մէջ դեր ունեցած են նաեւ «Մահմետական եղբայրներ»ու որոշ անդամներ։ Այս հաստատումները ստոյգ են, եւ կը պատկանին Եգիպտոսի «Ճ
իհատ» կուսակցութեան հիմնադիր Շէյխ Նապիլ Նայիմի, որ վերջերս կառավարական նիստի մը ընթացքին խօսք առնելով, շեշտած ու պնդած է այդ տեղեկութիւնը:
Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, Գահիրէի համալսարանի դասախօսներէն՝ Մոհամէտ Ռիֆաաթ, եգիպտացի հանրածանօթ թղթակից Մոհամէտ Լէյթի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած էր թէ այդ արխիւներուն մէջ, գոյութիւն ունէին
եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու կողմէ՝ իրենց Արտաքին գործոց նախարարներուն ուղարկուած միլիոնաւոր փաստաթուղթեր, ուր բացայայտ կերպով, ժամ առ ժամ, ներկայացուած են հայերուն հանդէպ հալածանքներն ու բռնաբարումները, ջարդերն ու կոտորածները, նաեւ
եգիպտական օրաթերթերուն մէջ տպագրուած եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրները, 19-րդ դարու աւարտէն, մինչեւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Այդ արխիւներուն մէջ, նաեւ յատուկ տեղ գրաւած էին աւելի քան չորս հազար Մուսալեռցի հայերու ժամանումը… Փօր Սայիտ նաւահանգիստ, ֆրանսական նաւատորմիղի օժանդակութեամբ:
Դեկտեմբեր 2011ի պատահածը պարզ արկած մը չէր, այլ Անգարայի կողմէ պատրաստուած սադրիչ դաւ մը, ուր հրկիզուեցան եւ հրոյ ճարակ դարձան թանկագին արխիւներ:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Scroll Up