Հայուն Բարեկամները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/Hayoun-paregamnere.jpg)
Բժշկութիւնը եւ գիտական մասնագիտութիւնը մեր ընտանիքին մէջ եղած են պատմական ժառանգութիւն-յաջորդականութիւն, որուն սակայն ես չհետեւեցայ: Չեմ գիտեր ընտրութեա՞ն, թէ՞ նախասիրութեան հարց էր, բայց կեանքիս ուղին այլ մասնագիտութեամբ ընթացաւ: Բայց պատանի տարիքէս միշտ ալ մօտիկ եղած եմ գիտա-բժշկական մթնոլորտներուն: Մէկ կողմէ հօրս դեղագործական մասնագիտութիւնը, իսկ միւս կողմէ կար հօրեղբօրս ասպարէզը: Նկատի ունենալով, որ հօրեղբայրս Հալէպի մէջ ունէր իր ակնաբուժարան-հիւանդանոցը, որ մինչեւ այսօր կը գործէ, պատանեկան տարիներուս հետաքրքրութիւն ունեցած էի «հանդիսատես» ըլլալու անոր տարբեր գործունէութիւններուն: Եւ հօրեղբայրս չէր զլանար զիս մասնակից դարձնելու իր բժշկական տեսութիւններուն` համբերութեամբ նաեւ բացատրելով իր ըրածները եւ ախտաճանաչումները: Եւ քանի մը անգամ ալ փորձեց քաջալերել զիս.« Չե՞ս ուզեր հետեւիլ բժշկական համալսարանական մասնագիտութեան»:
Կը սիրէի դիտել հիւանդանոցի դարմանատան բաժնի հիւանդներուն հետ հօրեղբօրս յարաբերութիւնը: Իրեն համար բժշկութիւնը գիտական մասնագիտութիւն էր, բայց զայն ներառած էր իր ազգային-դաստիարակչական կեանքին ու համոզմունքներուն մեծ «խճանկարին» մէջ: Եթէ հիւանդ-այցելուն հայ ու ազգային կեանքին մէջ իր հետաքրքրութիւնն ու մասնակցութիւնը ունեցող անհատ էր, այդ պարագային կ՛ըլլային անպայմանօրէն հայկական ինքնութեան եւ հիմնահարցերու վերլուծումները` բժշկական մտահոգութիւններուն առընթեր… Պիտի խօսէր հայրենիքի ու սփիւռքեան մարտահրաւէրներուն մասին, բայց նաեւ անպայման պիտի անդրադառնար Հալէպին մայր գաղութ ըլլալու իրականութեան: Բժշկութիւնը անկասկած իրեն համար նաեւ դաստիարակութիւն էր, որ պէտք էր սորվեցնել, բայց նաեւ` յարգել:
Օր մըն ալ երիտասարդ հայ արհեստաւոր մը ներկայացաւ դարմանատուն վերստուգումի համար: Ան ներկայացուց իր դեղատոմսը` հօրեղբօրս յիշողութիւնը թարմացնելու համար: Նկատի ունենալով հայ երիտասարդին ինքնաշարժներու նորոգութեան արհեստը եւ այդ արհեստին պարտադրող սեւ ու սեւցնող աշխատանքը, դեղատոմսը գրեթէ անճանաչելի դարձած էր…։ Եւ չուշացաւ հօրեղբօրս զգաստութիւնը. «Այս մէկը ցոյց կու տայ հայ բժիշկին նկատմամբ ձեր յարգանքը…»:
Հայ երիտասարդին հետ ես եւս խպնած էի, աւելի ճիշդ` ուզած էի մտնել իր նուաստացած, բայց նոյնքան նաեւ «յանցագործի» ներաշխարհին մէջ` փորձելով երեւի պզտիկ թափ մը տալ իր ընկճուածութեան: Կամաց-կամաց գլուխը բարձրացուց եւ մեղմ ձայնով մը, որուն մէջ նշմարելի էր ներումի խնդրանքը, ըսաւ. «Բայց, տոքթոր, գիտէք մեր աշխատանքին բնոյթը, դիտումնաւոր չէր»:
Իւրաքանչիւր գործողութենէ առաջ հօրեղբայրս կը դիմէր իր բժշկական հանրագիտարաններու մեծ հաւաքածոներուն` յաւելեալ ուսումնասիրութիւններու համար: Այդ տարիներուն չկային համակարգչային ներկայ օրերու բոլոր դիւրութիւնները: Մէկ-մէկ հաստափոր գիրքերը պէտք էր դուրս հանուէին, էջերը թերթատուէին, ապա ընթերցուէր որոնուածը: Պատանեկան տարիքիս ու այդ տրամաբանութեանս մէջ քիչ մը տարօրինակ էր այս երեւոյթը: Բայց չէ՞ որ հօրեղբայրս ուսանած եւ փորձառու բժիշկ էր, ուրեմն պիտի կրկնէր. «Միշտ նոր բան մը կայ սորվելիք»: Հաւանաբար կամաց-կամաց պիտի ընկալէի, որ կեանքի եւ անոր յառաջխաղացքին հիմնական գրաւականն է սորվիլը:
Շատ էր թիւը այն հիւանդ այցելուներուն, որոնք հիւանդանոց կու գային Սուրիոյ տարբեր գիւղերէն, իսկ գիւղացին մեծ յարգանք ունէր բժիշկին նկատմամբ: Անոնք իրենց հետ կը բերէին զամբիւղ մը հաւկիթ կամ տակառով մածուն եւ տակաւին` թարմ միս: Մշակոյթ էր, որ պահուած էր որպէս աւանդութիւն եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ արժէքի գիտակցութիւն:
Այդ օրերէն օր մը գիւղացի մը ներկայացաւ հիւանդանոց իր մէկ աչքին բարդութեան համար:
Իր շարք մը հարցումներուն կարգին հօրեղբայրս հարցուց.
«Ո՞ր շրջանէն կու գաս»:
«Սելիմիէ», պատասխանեց գիւղացին:
Հօրեղբայրս վայրկեան մը կանգ առաւ ու աչքերը սեւեռած հիւանդին` երկար նայեցաւ անոր, առանց արտայայտուելու: Խեղճ մարդը, որ եկած էր իր աչքին վերաբերող հարցի մը համար, կարծեմ նոյնքան սկսաւ մտահոգուիլ հօրեղբօրս քարացած նայուածքէն: Հաւանաբար մտածեց, թէ այլ հիւանդութի՞ւն ալ ունէր:
Ես ալ շուարած էի եւ չէի կրնար հասկնալ, թէ ի՛նչ է պատահածը:
Հօրեղբայրս պահ մը ետք լռութիւնը խզեց եւ գիւղացիին աչքի քննութիւնները մանրամասնօրէն ամբողջացուց: Սելիմիէցի գիւղացին խնդրեց, որ այցեգինը վճարէ…
«Վճարուած է», եղաւ հօրեղբօրս շատ արագ եւ կարճ պատասխանը:
Գիւղացին քիչ մը աւելի շփոթեցաւ, իսկ ես զարմացած կը նայէի հօրեղբօրս…
«Դուք 1915 թուականին` Հայոց ցեղասպանութեան ատեն, օգնութեան հասաք տեղահանուած հայ ժողովուրդին, ապաստան տուիք անոնցմէ շատերու: Ձեր հոգածութեան շնորհիւ` փրկուեցան շատ մը հայեր, ներառեալ` հօրաքրոջս եւ հօրեղբօրս ընտանիքները` իրենց զաւակներով», պատասխանեց հօրեղբայրս:
Սելիմիէցի գիւղացին չէր ծնած Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն: Չեմ ալ գիտեր, թէ ան լսած էր այդ բոլորին մասին, նաեւ` հայ ժողովուրդին նկատմամբ իր գիւղին ցուցաբերած գուրգուրանքին մասին: Զգացուած էր հօրեղբօրս շարժոյթէն, բայց նաեւ բաւական բան իմացաւ հայուն ողբերգութիւններուն մասին: Ես ալ, անկախ անկէ, որ գիտէի Ցեղասպանութեան մասին, բայց նոյնքան զգացուած էի գիւղացիին նման, նաեւ կը փորձէի այդ վայրկեանին դուրս հանել մարդկայինը մարդուն մէջէն` նոյնինքն այն բոլոր ապրած փորձառութիւններէն մեկնելով:
Սելիմիէի մասին առաջին անգամն էր, որ կը լսէի: Սուրիոյ Համա քաղաքի արեւելեան մասին մէջ անապատային շրջան մըն է: Անոնք 1915 թուականին թուրքին անմարդկային արարքներուն կրցած էին «ո՛չ» ըսել եւ եղբայրական ու հոգածու գուրգուրանք եւ վերաբերմունք ցոյց տալ քրիստոնեայ հայուն: Ես պիտի իմանայի, բայց նաեւ սորվէի, որ սելիմիէցի գիւղացին հիւրընկալած է իմ տարագիր հարազատներս, որոնք չվարանեցան վկայելու, թէ` «… մեզ դիմաւորեցին արտակարգ համակրանքով, կերակրեցին ու հոգացին, օժանդակեցին տեղաւորուելու. որպէս պահապան հրեշտակներ` եղբայրական գորովագութ վերաբերմունքով վարուեցան մեզի հետ, մեր ողջ կեցութեան: Մեր կեանքը կը պարտինք անոնց»:
Եթէ թուրքը կեանքերու վերջ տուաւ, սելիմիէցի արաբը պահպանեց զանոնք:
Հօրեղբօրս համար բժշկութիւնը անքակտելի միաւորն է հայուն եւ համընդհանուր հայկականութեան արժէքի գիտակցութեան: Իր բժշկական ու մասնագիտական կեանքին ընթացքին երբեք պատուեգին չվերցուց ոեւէ հիւանդէ, որ կու գար Սելիմիէի գիւղէն: Ասիկա իր «չնչին» երախտագիտական հատուցում-շարժոյթն էր Սելիմիէի ժողովուրդի վերաբերմունքին համար` հայ ժողովուրդին եւ իր հարազատներուն նկատմամբ: Ու տակաւին ինքնավստահ կերպով կը վկայէր: «Միթէ պատահա՞ծ է երբեւիցէ, որ հայ ժողովուրդը մոռնայ իր բարեկամները»:
Չեմ գիտեր, թէ Սելիմիէ գիւղը եւ անոր բնակչութիւնը ներկայ օրերու սուրիական այս թոհուբոհին մէջ ի՛նչ կացութեան մէջ են, բայց շատ յստակ է, որ սելիմիէցի արաբ գիւղացին եղաւ հայուն բարեկամը: Ան կրցաւ կերտել բարեկամութիւնը, քանի որ հաւատաց «ապրեցնելու» գրաւականին, փոխանակ` «սպաննելու»:
Արդարեւ, համամարդկային կեանքին մէջ կայ բարեկամութիւնը եւ անոր նկարագիրը կերտող խորքային արժէքը, որ կը կայանայ կեանքերը պահպանելու եւ զայն իմաստաւորելու հիմքերու վրան: Եթէ սելիմիէցի արաբը եղաւ հայուն բարեկամը, ատիկա` որովհետեւ իր «գրաւը» դրաւ ապրեցնելու սկզբունքին վրայ: Եւ կեանքի մէջ ապրելով եւ ապրեցնելով է, որ արժէքներ կրնաս ստեղծել:
Եղեռնի հարիւրամեակին առթիւ հայը դարձեալ երախտագիտութեամբ կը յիշէ իր բարեկամները, որոնք ապրած ու ապրեցուցած են, տակաւին կ՛ապրին ու կ՛ապրեցնեն համամարդկային արժէքները:
Եւ արժէքները չեն կերտուիր սպաննելով…
դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան