Թորոնթոյի ՄԷջ Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգ Կայացած Է
Մարտ 1-ին Քանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ Թորոնթօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
«Ի յիշատակ» խորագիրով համերգը կայացաւ Թորոնթոյի Թագաւորական երաժշտանոցի «Մազզոլէնի» դահլիճին մէջ` հանրայայտ «Ամիչի» եռեակի եւ աշխարհահռչակ ալտիստ, «Կրեմմի» մրցանակի դափնեկիր Քիմ Քաշքաշեանի կատարմամբ:
Համերգին ներկայ էր աշխատանքային այցով Գանատա գտնուող ՀՀ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան:
Համերգէն առաջ յղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն, խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման կարեւորութեան մասին` շեշտելով մարդկութեան դէմ իրականացուած նման ոճիրները յետագային բացառելու անհրաժեշտութիւնը: