Լիբանանահայ Պատգամաւորները Հանդիպած Են Վարչապետ Թամամ Սալմանին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/03/libanan-patgamavorner.jpg)
Լիբանանի սոցիալ-դեմոկրատական հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի փոխնախագահ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր Սեպուհ Կալպակեան մէկ այլ պատգամաւոր Ժան Օկասապեանի հետ միասին Փետրուար 28-ին հանդիպում ունեցած են Լիբանանի վարչապետ Թամամ Սալմանի հետ, որուն ժամանակ քննարկած են երկրի ընդհանուր զարգացման, քաղաքական եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր, որոնք նաեւ կը վերաբերին հայերուն: Այս մասին կը գրէ Artsakhpress-ը:
Massis post- ի փոխանցմամբ` հայ պատգամաւորները ընդգծած են կառավարութեան նիստերու շարունակական գումարման անհրաժեշտութիւնը, ուր կը քննարկուին օրակարգային ու քաղաքացիներու մտահոգութիւններուն
լուծումներ գտնելու հարցերը: Կալպակեան եւ Օկասապեան վարչապետին ներկայացուցած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Լիբանանի մէջ կայանալիք յիշատակի արարողութիւններու ծրագիրը: