Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ներկայացուցիչները` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երեքշաբթի, 3 մարտ 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ կրօններու յարաբերութեան բաժանմունքին միջեւ երկխօսութեան 6-րդ նիստին: Շուրջ 15 տարիներ առաջ սկսած եւ երկու տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ երկխօսութիւնը, յաջորդաբար տեղի կ’ունենայ Անթիլիասի եւ Թեհրանի մէջ:

Ներկայ նիստին ընդհանուր խորագիրն է քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` ի խնդիր Միջին Արեւելքի մէջ արդար ու մնայուն խաղաղութեան հաստատման: Այս նիւթին առնչուած դասախօսութիւններ պիտի տրուին ու քննարկումներ կատարուին: Նիստին պիտի մասնակցին շուրջ 25 անձեր Իրանէն եւ Լիբանանէն: Հանդիպումը պիտի տեւէ երկու օր, որուն աւարտին պիտի հրապարակուի միացեալ յայտարարութիւն մը:

aztagdaily.com

Scroll Up