Թուրքիոյ հայ քաղաքացին խորհրդարանական ընտրութեանց թեկնածու
Թուրքիոյ Մարտին նահանգի Դերիկ վարչաշրջանոն մէջ բնակող հայկական ծագումով 58-ամեայ Զեքերիա Սապունճին դիմած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ – HDP – Քրտամէտ ձախակողմեան կուսակցութիւն)`Յունիս 7-ին Թուրքիոյ մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն այդ կուսակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրուելու համար:
«Մեզ շատ ուրախացուց այն հանգամանքը, որ հարիւր տարի անց ԺՀԿ-ն ճանչցաւ մեր` հայերու և այլ ազգային փոքրամասնութիւններու`խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայացուցիչը ունենալու իրաւունքը: Եւ մենք, օգտագործելով այդ առիթը, կ՚ուզենք ներկայ ըլլալ խորհրդարանին մէջ», յայտնած է Սապունճի։
horizonweekly.ca