Իրաքի Փոխադրամիջոցի Նախարարը Յարգանքի Տուրք Մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին /
Պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած Իրաքի Հանրապետութեանփոխադրամիջոցի նախարար Բաքիր Ճապեր Ալ-զուպաիտին այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, այս մասին կը յայտնէ armeniangenocide100.org-ը:
Իրաքի Հանրապետութեան փոխադրամիջոցի նախարարը ծաղկեպսակ դրաւ Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին: Իրաքէն ժամանած հիւրերը եղան ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող անմար կրակի մօտ եւ մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը:
Պատուիրակութեան կ’ուղեկցէր Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանը, որ հիւրերուն ներկայացուց յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը:
Իրաքի պատուիրակութեան անդամները այցելեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահը, ուր ծանօթացան Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ժամանակաւոր ցուցադրութեան: